Հնդկաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցին համազգային օգնութեան կոչ կ՛ուղղէ Ասսամի ջրհեղեղի զոհերուն համար
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Օգոստոս 3-ին հրապարակուած յայտարարութեամբ, Հայտըրապատի արքեպիսկոպոս եւ Հնդկաստանի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասինախագահ կարդինալ Անթընի Փուլան, ինչպէս նաեւ Իմֆալի արքեպիսկոպոս եւ «Քարիթաս Հնդկաստան»-ի նախագահ Լինուս Նելին, հրաւիրեցին ամբողջ հնդկական Եկեղեցին՝ համերաշխ կանգնելու աղէտէն տուժած ընտանիքներուն կողքին եւ առատաձեռն նուիրատուութիւններ կատարելու։
«Քարիթաս Հնդկաստան»-ը յայտնեց, թէ հաւաքուած բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի յատկացուին բացառապէս «Ասսամի Ջրհեղեղի Աջակցութիւն 2026» ծրագիրին։ Կազմակերպութիւնը նաեւ վստահեցուց, որ միջոցները պիտի տնօրինուին մարդասիրական ընդունուած չափանիշներուն համաձայն՝ ապահովելով թափանցիկութիւն, հաշուետուութիւն եւ արդիւնաւէտ օգնութիւն՝ ամենէն աւելի կարիքի մէջ գտնուողներուն։
Կոչը կը հրաւիրէ նաեւ հաւատացեալներն ու բոլոր բարի կամեցողները ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու, այլեւ աղօթքով եւ եղբայրասիրութեամբ իրենց մօտիկութիւնը արտայայտելու։
Եկեղեցւոյ պատասխանատուները յոյս յայտնեցին, որ այս համատեղ ջանքը պիտի նպաստէ հազարաւոր ընտանիքներու դժուար կացութեան մեղմացման, անոնց արժանապատուութեան վերականգնման եւ ապագայի նկատմամբ յոյսի վերակենդանացման։
Եկեղեցւոյ դիմումը կը յաջորդէ յուլիս 19-էն ի վեր Նագալանտ եւ Ասսամ նահանգներուն մէջ մուսոնային առատ տեղումներէն յառաջացած յանկարծակի ջրհեղեղներուն։ Ասսամի Աղէտներու Կառավարման Պետական Մարմինի տուեալներով, օգոստոս 3-ի դրութեամբ զոհերուն թիւը հասած է 87-ի։
Ջրհեղեղները տեղահանած են հազարաւոր ընտանիքներ, աւերած բնակարաններ, մշակելի հողեր, անասուններ, ճամբաներ, կամուրջներ եւ կենսական ենթակառուցուածքներ։ Թէեւ որոշ շրջաններու մէջ ջուրերը սկսած են նահանջել, հազարաւոր բնակիչներ տակաւին կախեալ են մարդասիրական օգնութենէն։
Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ աղէտը ազդած է աւելի քան 128 հազար բնակիչի վրայ՝ վեց շրջաններու մէջ։ Իշխանութիւնները կը գործարկեն 55 ապաստանավայր եւ օգնութեան բաշխման կեդրոն՝ հինգ շրջաններու մէջ, ուր աւելի քան 11 հազար տեղահանուածներ ապաստան գտած են։ Բժշկական եւ անասնաբուժական խումբեր, ինչպէս նաեւ պետական այլ ծառայութիւններ, կը շարունակեն իրենց աշխատանքը տուժած շրջաններուն մէջ։
Նախնական գնահատականներով՝ աւելի քան 14.230 հեկտար մշակելի հող վնասուած է, շուրջ 55 հազար կենդանի ջուրերուն զոհ գացած է, իսկ եւս 35 հազար անասուն տարբեր վնասներ կրած է։ Լուրջ վնասներ արձանագրուած են նաեւ պատնէշներու, բնակարաններու, դպրոցներու, ճամբաներու եւ հանրային այլ ենթակառուցուածքներու վրայ։
Պետական մարմիններուն կողքին, կաթողիկէ կազմակերպութիւններն ալ անմիջապէս ձեռնարկած են օգնութեան աշխատանքներու։ Ասսամի կարեւոր արդիւնաբերական կեդրոններէն մէկը ընդգրկող Տիպրուկարի թեմը սկսած է երկարաժամկէտ վերականգնման աջակցութեան արշաւ։
Յուլիս 31-ին հրապարակած իր կոչին մէջ Տիպրուկարի եպիսկոպոս Ալպերթ Հեմրոմ հրաւիրեց բարերարները օժանդակելու ընտանիքներուն՝ բնակարաններու վերաշինութեան համար անհրաժեշտ տանիքի թիթեղներ, պամպուկ, փայտ, սեմենթ, դռներ, պատուհաններ եւ շինարարական գործիքներ տրամադրելով։
Ան նաեւ խնդրեց աջակցիլ կենցաղային առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով՝ խոհանոցային սպասք, անկողնային պարագաներ, մժեղանոցներ, հագուստ, ջուրի տարողութիւններ, արեւային լամպեր, ջուրի մաքրութեան միջոցներ, հականեխիչ, ինչպէս նաեւ մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.