Պէյրութ. Մեսրոպեան Վարժարանի երկու շրջանաւարտներ՝ Հայկազեան Համա
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծ հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ վարժարանի շրջանաւարտներէն Մարք Կիւլիւլեան եւ Մելանի Չաքըրեան, իրենց բարձր յառաջադիմութեան շնորհիւ տեղ գրաւած են 2025-2026 տարեշրջանի գարնանային կիսամեակի Հայկազեան Համալսարանի «Նախագահի պատուոյ ցանկ»-ին (President’s List) վրայ։
Վարժարանի տնօրէն պրն․ Կրէկուար Գալուստին ուղղուած պաշտօնական նամակով մը, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեան իր գնահատանքը յայտնեց աշակերտներու ժիր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի հաստատած կրթական ամուր հիմքերուն համար, որոնք կը միտին կերտել պատասխանատու սերունդներ՝ ի սպաս մեր հայրենիքին, համայնքին եւ համայն մարդկութեան։
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական անձնակազմը սրտանց կը շնորհաւորեն Մարքն ու Մելանին, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներն ու դաստիարակները, այս նուաճումին առիթով։ Ձեր յաջողութիւնը մեր բոլորին հպարտութիւնն է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.