Արեւիկի մէջ ճամբար Արեւիկի մէջ ճամբար 

Արեւիկի մէջ հարիւր մանուկներ մասնակցեցան բակային ճամբարի

Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան եւ «Արեւ-Վան» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Շիրակի մարզի Արեւիկ համայնքին մէջ շուրջ հարիւր մանուկներ մասնակցեցան հինգօրեայ բակային ճամբարի, ուր կրթական, ստեղծագործական, հոգեբանական եւ հոգեւոր ծրագիրներու ընդմէջէն նպաստուեցաւ անոնց համակողմանի զարգացման։ Ճամբարը աւարտեցաւ Սուրբ Պատարագով եւ շնորհակալութեան աղօթքով, իսկ նախաձեռնութիւնը իրականացաւ ֆրանսական L’Œuvre d’Orient կազմակերպութեան եւ բարերար Միշէլ Տաւուտեանի աջակցութեամբ։

Շիրակի մարզի Արեւիկի հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ, Յուլիս 23-27, 2026 թուականին, տեղի ունեցաւ բակային ճամբար մը, որուն մասնակցեցան շուրջ հարիւր մանուկներ։ Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան եւ «Արեւ-Վան» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ՝ տեղւոյն ժողովրդապետ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թադեւոսեանի հոգեւոր առաջնորդութեամբ, տիկ. Սաթենիկ Վանոյեանի եւ կամաւորներու խումբի կազմակերպչական աշխատանքով, ինչպէս նաեւ Ախուրեանի համայնքապետարանի աջակցութեամբ։

Ճամբարը պաշտօնապէս բացուեցաւ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թադեւոսեանի, Արժ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տոմպուրեանի եւ Ախուրեանի համայնքի ղեկավար Զաւէն Մանուկեանի։

Հինգ օրերու ընթացքին, ամէն օր ժամը 16:00-21:30, մանուկները մասնակցեցան բազմաբնոյթ կրթական, ստեղծագործական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու։ Օրակարգը կը ներառէր ձեռագործութեան, էքօ-ստեղծագործութեան եւ նկարչութեան աշխատանոցներ, արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ ճիշդ վարքագիծին վերաբերող դասախօսութիւններ, հոգեբանական զրոյցներ ինքնաճանաչման եւ մարդկային յարաբերութիւններու մասին, առաջին օգնութեան դասընթացք, ինչպէս նաեւ «Ի՞նչ, ո՞ւր, ե՞րբ» մտաւոր խաղը։

Ճամբար
Ճամբար

Ծրագիրին իրենց մասնագիտական ներդրումը բերին Կիւմրիի Գեղագիտական կեդրոնի տնօրէն Սուսաննա Մկրտչեան, մանկավարժ-հոգեբան Հեղինէ Գալոյեան, հրշէջ-փրկարարական ծառայութեան սերժանտ Վ. Մխիթարեան, «ԽորանԱրդ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արմէն Պետրոսեան, բուժքոյր Սիմա Նազարէթեան եւ կամաւոր Միլենա Թադեւոսեան։

Ճամբարին հոգեւոր կեանքը եւս կարեւոր տեղ գրաւեց. մանուկները մասնակցեցան Սուրբ Գրքի ընթերցումներու եւ խորհրդածութիւններու, միասնական աղօթքներու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պատարագի, զոր մատուցեց Արժ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տոմպուրեան։ Ան իր քարոզին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ այս օրհնաբեր օրերուն համար, գնահատելով նաեւ բոլոր կամաւորներուն նուիրումը, որոնց ջանքերով մանուկներու ամառնային հանգիստը վերածուեցաւ հոգեւոր, մշակութային եւ մարդկային զարգացման հարուստ փորձառութեան։

Նախաձեռնութիւնը իրականացաւ ֆրանսական L’Œuvre d’Orient կազմակերպութեան եւ բարերար Միշէլ Տաւուտեանի նիւթական աջակցութեամբ։

Ճամբար
Ճամբար

Աղբիւրը՝  հայաստանի Հայոց Կաթողիկէ առաջնորդութեան դիւան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/08/2026, 08:05