2026.08.01 Appello per campagna raccolta fondi per il restauro del Monastero armeno di San Macario

Կոչ համազգային ճիգով փրկելու Կիպրոսի Սուրբ Մակարայ Վանքին պատմական ժառանգութիւնը

Այս առիթով ուղղած իր կոչին մէջ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան կը շեշտէ, որ Սուրբ Մակարայ Վանքը միայն պատմական յուշարձան մը չէ, այլ մեր հաւատքի, ազգային ինքնութեան եւ պատմական յիշողութեան կենդանի խորհրդանիշը։ Ան կոչ կ՛ուղղէ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ բարերարներուն՝ ընտրելու նուիրատուութեան համապատասխան ձեւը, ներկայացնելու իրենց յանձնառութիւնը եւ աջակցելու այս ազգային նշանակութեան նախաձեռնութեան։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Կիպրոսի գրաւեալ հիւսիսային մասին մէջ գտնուող պատմական Սուրբ Մակարայ Վանքը այսօր կը դիմագրաւէ իր գոյութեան ամենավտանգաւոր փուլերէն մէկը։ Տասնամեակներու անտեսուածութեան, բնական մաշումին եւ ժամանակի ազդեցութեան հետեւանքով, վանքի դարաւոր կառոյցը հասած է այնպիսի մտահոգիչ վիճակի, որ մասնագէտները կը զգուշացնեն. առանց հրատապ ամրակայման աշխատանքներու, պատերու եւ կամարներու փլուզումը կրնայ դառնալ անխուսափելի:

Համահայկական Հանգանակութիւն եւ Յանձնախումբի կազմութիւն

Այս ահազանգային իրադրութեան դիմաց, Կիպրահայ համայնքի Երեսփոխանական Ժողովը նախաձեռնած է համահայկական հանգանակութիւն՝ նպատակ ունենալով ապահովել Սուրբ Մակարայ Վանքի վերանորոգման համար անհրաժեշտ ֆինանսական միջոցները։

Այս աշխատանքները համակարգելու նպատակով ստեղծուած է Սուրբ Մակարայ Վանքի Վերանորոգման Յանձնախումբը, որուն ատենապետն է Կիպրոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան։

Համազգային կոչ՝ փրկելու Կիպրոսի Սուրբ Մակարայ Վանքը
Համազգային կոչ՝ փրկելու Կիպրոսի Սուրբ Մակարայ Վանքը

Իրազեկման աշխատանքներ եւ ապագայ ծրագիրներ

Յանձնախումբը 2025-ի Հոկտեմբերէն ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տանի՝ իրազեկելու հայ եւ միջազգային հանրութիւնը վանքի անմխիթար վիճակին մասին։ Այս ծիրին մէջ ստեղծուած է պաշտօնական կայքէջ, հիմնուած են ընկերային ցանցերու էջեր, իսկ 2026-ի Մայիս 6-ին կազմակերպուած է հանրային իրազեկման յատուկ ձեռնարկ։

Նախնական ծրագիրներուն համաձայն, որոնք մշակուած են Կիպրոսի Մշակութային Ժառանգութեան Երկհամայնքային Արհեստագիտական Յանձնախումբին կողմէ, վերականգնման աշխատանքներուն մեկնարկը նախատեսուած է 2027 թուականի սկիզբը։

Համազգային կոչ՝ փրկելու Կիպրոսի Սուրբ Մակարայ Վանքը
Համազգային կոչ՝ փրկելու Կիպրոսի Սուրբ Մակարայ Վանքը

«Հաւատքի եւ Հաշտութեան Փարոս»

Այս առիթով ուղղած իր կոչին մէջ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան կը շեշտէ, որ Սուրբ Մակարայ Վանքը միայն պատմական յուշարձան մը չէ, այլ մեր հաւատքի, ազգային ինքնութեան եւ պատմական յիշողութեան կենդանի խորհրդանիշը։ Ան կոչ կ՛ուղղէ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ բարերարներուն՝ ընտրելու նուիրատուութեան համապատասխան ձեւը, ներկայացնելու իրենց յանձնառութիւնը եւ աջակցելու այս ազգային նշանակութեան նախաձեռնութեան։

«Ձեր ազնիւ աջակցութեամբ կրնանք Սուրբ Մակարայ Վանքը դարձնել հաւատքի եւ հաշտութեան փարոս՝ գալիք սերունդներուն համար, ինչպէս նաեւ փայլուն օրինակ մը անոր, թէ ի՛նչ կարելի է իրագործել, երբ բարեացակամ մարդիկ համախմբուին մեր հասարակաց մարդկային ժառանգութիւնը պահպանելու համար»,— կը նշէ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ։

Այս նախաձեռնութիւնը միայն քարաշէն կոթողի մը վերանորոգումը չէ. ասիկա անփոխարինելի ներդրում մըն է հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան, մշակութային հարստութեան եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման սրբազան գործին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/08/2026, 08:05