Աֆղանիստանի մանուկներուն մարդասիրական տագնապը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Աֆղանիստանի մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակէ խորանալ, իսկ ամէնէն խոցելիները մանուկներն են։ UNICEF-ի նոր տուեալներուն համաձայն՝ շուրջ մէկ միլիոն երեխայ կը տառապի ծանր սուր թերսնուցումէ, մինչդեռ ընդհանուր առմամբ 3,7 միլիոն մանուկներ կը տառապին հիւծումէ։
Տագնապին հիմնական պատճառներուն մէջ են երկարատեւ աղքատութիւնը, երաշտները, ջրհեղեղները, տնտեսական դժուարութիւնները եւ երկրին մէջ շարունակուող անկայունութիւնը։ Առանձնապէս վտանգուած են երկու տարեկանը չբոլորած մանուկները, որոնք կը կազմեն ծանր թերսնուցման պարագաներուն 83 տոկոսը։
Միաժամանակ, մարդասիրական օգնութեան համար նախատեսուած միջոցները խիստ անբաւարար են։ UNICEF-ի սննդային ծրագիրը 2026-ին կը կարօտի շուրջ 180 միլիոն տոլարի, սակայն մինչեւ այժմ անհրաժեշտ գումարին միայն 22 տոկոսը ապահովուած է։ Դրամական միջոցներու պակասին հետեւանքով արդէն իսկ հարիւրէ աւելի կեդրոններ փակուած են։
Աֆղանիստանի երեխաներու ծանր վիճակը միջազգային հանրութեան հրատապ ուշադրութեան կը կարօտի։ Անոնց փրկութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն, այլեւ երկարաժամկէտ մարդասիրական աջակցութիւն եւ միջազգային զօրակցութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.