Հարաւային Լիբանան, Իսրայէլ, Պաղեստին պատերազմ Հարաւային Լիբանան, Իսրայէլ, Պաղեստին պատերազմ 

Հռոմի մէջ կը վերսկսին Լիբանան–Իսրայէլ ուղղակի բանակցութիւնները

Հռոմի մէջ մեկնարկած Լիբանան–Իսրայէլ ուղղակի բանակցութիւններուն հիմնական օրակարգը հարաւային Լիբանանի «փորձնական գօտիներ»-ու ընդլայնումն ու Հըզպալլայի զինաթափման հարցն է՝ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ։ Բանակցութիւններու յաջողութիւնը կախեալ է իսրայէլեան ուժերու հեռացման, Լիբանանի բանակի տեղակայման եւ զինաթափման գործընթացի վերահսկողութեան շուրջ կողմերուն միջեւ համաձայնութենէն։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր՝ օգոստոս 4-ին Հռոմի մէջ կը մեկնարկի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու նոր փուլը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ օգոստոս 6։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ընթացող այս հանդիպումը կը նկատուի բանակցային գործընթացի ամենազգայուն հանգրուաններէն մէկը, քանի որ քննարկումներու առանցքին կը գտնուին հարաւային Լիբանանի «փորձնական գօտիներ»-ու ընդլայնումը եւ Հըզպալլայի զինաթափման հարցը։

Բանակցութիւններու առաջին հինգ փուլերը տեղի ունեցած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ վեցերորդը՝ յուլիս 14-15-ին Հռոմի մէջ։ Ընթացիկ հանդիպումը ընդհանուր հաշուով եօթներորդն է եւ երկրորդը Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ։ Իտալիան կը տրամադրէ բանակցութիւններու հարթակը եւ քաղաքական աջակցութիւն, մինչդեռ գործընթացի համակարգումն ու միջնորդութիւնը կը շարունակեն ղեկավարել Միացեալ Նահանգները։

Քննարկումներու հիմնական նիւթը հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններուն մէջ այսպէս կոչուած «փորձնական գօտիներ»-ու ընդլայնումն է։ Նախատեսուած ծրագիրին համաձայն՝ իսրայէլեան ուժերը պիտի հեռանան այդ տարածքներէն, Լիբանանի բանակը պիտի ստանձնէ ամբողջական վերահսկողութիւնը, իսկ Հըզպալլային եւ այլ ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներուն պատկանող ռազմական ենթակառոյցներն ու զինամթերքը պիտի ապամոնտաժուին։

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը, նախկին դեսպան Սայմըն Քարամի ղեկավարութեամբ, կը պատրաստուի առաջարկել, որ երկրորդ փուլին մէջ ներառուի սահմանամերձ Բինթ Ժպէյլ քաղաքը՝ երկար տարիներ Հըզպալլայի գլխաւոր յենակէտերէն մէկը։ Սակայն աղբիւրներու համաձայն, Իսրայէլ դժուար թէ համաձայնի քաղաքէն հեռանալ՝ առանց Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ ստուգելի երաշխիքներ ստանալու։ Մերժման պարագային Պէյրութը պիտի առաջարկէ այլընտրանքային տարբերակ՝ Խիամ քաղաքը։

Կողմերուն միջեւ տարակարծութիւն կայ նաեւ համաձայնութեան իրականացման վերահսկողութեան շուրջ։ Լիբանանը կը մերժէ, որ Իսրայէլ միակողմանի կերպով գնահատէ զինաթափման գործընթացը, եւ կը պահանջէ, որ ստուգումները իրականացուին երրորդ կողմի՝ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կամ միջազգային համաձայնեցուած կառոյցի մասնակցութեամբ։

Բանակցութիւնները հիմնուած են 2026 թուականի յունիս 26-ին Վաշինկթընի մէջ ստորագրուած շրջանակային համաձայնութեան վրայ, որուն նպատակն է լուծել սահմանային վէճերը եւ աստիճանաբար հիմք ստեղծել խաղաղութեան ու անվտանգութեան աւելի լայն համաձայնութեան համար։ Սակայն Հըզպալլան չէ միացած այդ համաձայնութեան եւ կը շարունակէ մերժել զինաթափման պահանջը, ինչ որ կը մնայ ամբողջ գործընթացի գլխաւոր քաղաքական եւ անվտանգային խոչընդոտը։

Հռոմի այս փուլը պիտի վճռէ, թէ արդեօք «փորձնական գօտիներ»-ու մոդելը կրնայ ընդարձակուիլ դէպի աւելի զգայուն սահմանային շրջաններ, թէ գործընթացը պիտի կանգ առնէ Հըզպալլայի զինաթափման եւ իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացման շուրջ առկայ խոր տարակարծութիւններուն պատճառով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/08/2026, 08:33