Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը 

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը՝ 30 տարեկան

Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան կազմակերպութեամբ նշուեցաւ 1996-ին հիմնուած Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի 30-ամեակը, որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ թերթին կարեւոր դերակատարութիւնը պոլսահայութեան ձայնը լսելի դարձնելու եւ Հրանդ Տինքի ժառանգութիւնը շարունակելու գործին մէջ։ Ձեռնարկին շեշտուեցաւ նաեւ Պոլսոյ հայութեան պատմական նշանակութիւնը եւ «Ակօս»-ի առաքելութիւնը՝ պահպանելու արեւմտահայ կեանքն ու լեզուն եւ ամրապնդելու Սփիւռք-Պոլիս ազգային կապը։

Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ 1996-ին հիմնուած եւ Պոլիս հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը։

Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցան Լոս Անճելըսի հայ մամուլի «Ասպարէզ», «Նոր Օր» եւ «Մասիս» պարբերականներու ներկայացուցիչները՝ ընդգծելով «Ակօս»-ի կարեւոր դերակատարութիւնը պոլսահայ համայնքի ձայնը լսելի դարձնելու, հայութեան իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու եւ հայ-թուրք երկխօսութեան զարգացման նպաստելու գործին մէջ։ Տեսակապի միջոցով ներկաները նաեւ լսեցին թերթի խմբագիրներուն եւ հրատարակիչներուն խօսքերը՝ թերթի առօրեայ աշխատանքին, առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն մասին։

«Մասիս»-ի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ «Ակօս»-ի հիմնադիր նահատակ Հրանդ Տինքի ժառանգութեան եւ թերթի երեք տասնամեակներու գործունէութեան։ Նշուեցաւ, որ Տինք իր հրապարակագրութեամբ եւ հասարակական գործունէութեամբ ապացուցեց, թէ կարելի է ճշմարտութիւնը բարձրաձայնել՝ առանց ատելութիւն տարածելու, պայքարիլ՝ առանց կամուրջները քանդելու, եւ պահանջատէր ըլլալ՝ միաժամանակ պահպանելով մարդկային արժանապատուութիւնը։

Ելոյթին մէջ շեշտուեցաւ նաեւ Պոլսոյ հայութեան պատմական եւ ազգային նշանակութիւնը։ Պոլիսը ներկայացուեցաւ ոչ թէ իբրեւ սփիւռքեան համայնք մը, այլ՝ հայ ժողովուրդի պատմական ներկայութեան կարեւոր շարունակութիւնը, ուր դարեր շարունակ զարգացած են հայ եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ մտաւոր կեանքի կարեւորագոյն էջերը։

Այս ծիրին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Պոլսահայութեան գոյատեւումը միայն համայնքային հարց մը չէ, այլ՝ համազգային պատասխանատուութիւն։ Դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային հաստատութիւններն ու հայ ընտանիքները, որոնք կը պահպանեն իրենց ներկայութիւնը Պոլսոյ մէջ, կը հանդիսանան հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային շարունակականութեան կենդանի վկաները։

«Ակօս»-ի դերակատարութիւնը յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման առումով։ Թերթը երեք տասնամեակ շարունակ եղած է այն հարթակներէն մէկը, ուր արեւմտահայ կեանքը կը ներկայացուի, կը քննարկուի եւ կը շարունակէ ստեղծագործել։

Լոս Անճելըսէն հնչած պատգամին մէջ ընդգծուեցաւ, որ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը չի կրնար խզել Սփիւռքի եւ Պոլսոյ միջեւ ազգային կապը։ Պոլիսը կը շարունակէ մնալ հայ ինքնութեան կենդանի առանցքներէն մէկը, իսկ «Ակօս»-ը՝ այդ ներկայութիւնը աշխարհին ներկայացնող կարեւոր կամուրջ մը։

Երեսուն տարիներու իր գործունէութեամբ «Ակօս»-ը հաստատած է, որ կարելի է ըլլալ համարձակ, սկզբունքային եւ պատասխանատու՝ միաժամանակ հաւատարիմ մնալով երկխօսութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան սկզբունքներուն։

«Մասիս»ի ներկայացուցիչը իր խօսքը եզրափակեց մաղթանքով, որ «Ակօս»-ը շարունակէ մնալ հայութեան խիղճերէն մէկը, Պոլսոյ բաց պատուհանը եւ արեւմտահայ կեանքի վստահելի վկան։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/08/2026, 11:20