Եմէն, պատերազմ Եմէն, պատերազմ 

Եմէն. Սանաայի օդակայանին դէմ հարուած, Հութիները Կարմիր խաչի օդանաւ մը գրաւեցին

Եմէնի կառավարական ուժերը հարուածեցին Սանաայի օդակայանը՝ կանխելու Իրանէն ժամանող օդանաւի վայրէջքը, իսկ Հութիները ի պատասխան գրաւեցին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի օդանաւ մը եւ պատանդ պահեցին անոր անձնակազմը։ ՄԱԿ-ը խոր մտահոգութիւն յայտնեց լարուածութեան նոր սրման առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեց պաշտպանելու մարդասիրական աշխատողները ու վերադառնալու երկխօսութեան՝ կանխելու համար մարդասիրական ճգնաժամի խորացումը։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք

Եմէնի մէջ լարուածութիւնը նոր թափ ստացաւ այն բանից ետք, երբ միջազգային ճանաչում վայելող կառավարութեան ուժերը, Սէուտական Արաբիոյ աջակցութեամբ, հարուած հասցուցին Սանաայի միջազգային օդակայանին։ Գործողութեան նպատակն էր վնասել թռիչքուղին՝ կանխելու համար Իրանէն ժամանող քաղաքացիական օդանաւի վայրէջքը առանց պաշտօնական արտօնութեան։

Յարձակումէն անմիջապէս ետք Հութի ապստամբները գրաւեցին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի օդանաւ մը, որ պատրաստ էր օդ բարձրանալու։ Օդանաւի օդաչուն եւ երկրորդ օդաչուն տակաւին կը մնան ապստամբներուն ձեռքին, իսկ Եմէնի կառավարութիւնը այս քայլը որակեց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում։

Ըստ Ատէնի իշխանութիւններուն՝ իրանական օդանաւը խախտած էր Եմէնի օդային տարածքը, իսկ Թեհրանը կը մեղադրուի քաղաքացիական թռիչքները զինամթերք մատակարարելու նպատակով օգտագործելու մէջ։ Ռմբակոծութենէն ետք օդանաւը ստիպուած փոխեց իր երթուղին եւ արտակարգ վայրէջք կատարեց Հուտէյտայի օդակայանին մէջ, որ կը գտնուի Հութիներու վերահսկողութեան տակ։

Հութիներու խօսնակ Եահիա Սարիէն յայտարարեց, թէ գործողութիւնը «բացայայտ յարձակում» է եւ ազդարարեց վերջին ամիսներու լարուածութեան մեղմացման շրջանի աւարտը։

Դէպքը մտահոգութիւն յառաջացուց նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ։ Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց անմիջապէս կանխելու լարուածութեան հետագայ սրացումը, ապահովելու մարդասիրական անձնակազմի անվտանգութիւնը եւ շարունակելու երկխօսութիւնը, զգուշացնելով, որ օգնութեան խափանումը կրնայ աւելի ծանրացնել պատերազմէն եւ սովէն տառապող միլիոնաւոր եմէնցիներու կացութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

14/07/2026, 10:09