Վենեզուելայի մէջ երկրաշարժ Վենեզուելայի մէջ երկրաշարժ 

Վենեզուելա․ UNICEF-ը եւ եպիսկոպոսները կը զգուշացնեն՝ տուժածները չմոռնալ

Վենեզուելայի մէջ, երկրաշարժերէն մէկ ամիս անց, հազարաւոր ընտանիքներ եւ երեխաներ տակաւին կը դիմագրաւեն աղէտին ծանր հետեւանքները, մինչ UNICEF-ը կը շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել եւ կը զգուշացնէ, որ վերականգնման համար միջազգային շարունակական աջակցութիւն անհրաժեշտ է։ Միեւնոյն ժամանակ, Վենեզուելայի եպիսկոպոսները կոչ կ՛ուղղեն չմոռնալ տուժածները, արագ եւ արդար վերաշինութիւն իրականացնել, պետական պատասխանատուութիւն ապահովել եւ «բարի սամարացիներ» դառնալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վենեզուելայի կեդրոնա-հիւսիսային ափերը հարուածած 7,2 եւ 7,5 մագնիտուտով երկրաշարժերէն մէկ ամիս անց, հազարաւոր երեխաներ եւ ընտանիքներ տակաւին կը դիմագրաւեն տեղահանութեան, ենթակառուցուածքներու աւերածութեան եւ հիմնական ծառայութիւններու խափանման հետեւանքները։ Այս մասին կը յայտնէ UNICEF-ը։

Աղէտին հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 5.390 մարդ, վիրաւորուած՝ 16.700-է աւելի, իսկ արձանագրուած են աւելի քան 1.400 հետցնցումներ։ Վնասուած են առնուազն 856 շէնքեր, որոնցմէ 190-ը ամբողջութեամբ փլած են, մինչ շուրջ 23.100 մարդ կը շարունակէ ապրիլ ժամանակաւոր ճամբարներու մէջ։

UNICEF-ը կը նախատեսէ օգնութիւն հասցնել շուրջ 470.000 մարդու, որոնցմէ 169.000-ը երեխաներ են։ Մինչեւ այժմ կազմակերպութիւնը բաժնած է աւելի քան 82 թոն արտակարգ օգնութեան պարագաներ եւ ապահոված է խմելու ջուր, առողջապահական, սնուցման, կրթական եւ մանկական պաշտպանութեան ծառայութիւններ։

UNICEF-ի Վենեզուելայի ներկայացուցիչ Մանուէլ Ռոտրիկես Փումարոլ ընդգծած է, թէ երեխաները տակաւին կը բախին ոչ միայն նիւթական կորուստներու, այլեւ հոգեբանական ծանր հետեւանքներու, ուստի անհրաժեշտ է շարունակական միջազգային աջակցութիւն։ Կազմակերպութեան գնահատումով, երկրաշարժերու մարդասիրական հետեւանքներուն արձագանգելու համար առաջիկայ ամիսներուն անհրաժեշտ պիտի ըլլայ շուրջ 65,7 միլիոն ամերիկեան տոլար։

Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներու կոչը յոյսի եւ վերաշինութեան

Վենեզուելայի եպիսկոպոսները, երկրաշարժէն մէկ ամիս անց, կոչ ուղղեցին չմոռնալ աղէտէն տուժածները եւ ըլլալ «բարի սամարացիներ», որոնք կը մասնակցին երկրի նիւթական, հոգեւոր եւ ընկերային վերաշինութեան։ Անոնք քննադատեցին պետական կառոյցներու անբաւարար արձագանգը, մերժեցին այն պնդումները, թէ երկրաշարժը Աստուծոյ պատիժն է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Լեւոն ԺԴ. Պապին, համաշխարհային Եկեղեցիներուն ու «Քարիթաս»-ի ցանցին՝ ցուցաբերած աղօթական եւ մարդասիրական աջակցութեան համար։

«Բարի սամարացիներ, յոյսի վկաներ» խորագիրով Վենեզուելայի եպիսկոպոսներուն պատգամը հրապարակուեցաւ Յուլիս 24-ի նախօրեակին՝ այն օրը, երբ կը լրանայ երկրի հիւսիսային եւ կեդրոնական շրջանները հարուածած երկակի երկրաշարժին մէկ ամիսը։

Եպիսկոպոսներուն Պատգամը կը վկայէ այս ծանր աղէտէն տուժած Վենեզուելացի ժողովուրդին խոր տառապանքը։ «Վերաշինութիւնը,— կը գրեն եպիսկոպոսները,— մեզ կը պարտաւորեցնէ նաեւ արտայայտելու երկրաշարժի զոհերուն արդար վրդովմունքը, որովհետեւ անոնք իրենց լքուած զգացած են պետական հաստատութիւններուն կողմէ։ Ինչպէս արդէն ըսած ենք, բնական աղէտները անկանխատեսելի են, սակայն պետական իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է պատրաստ ըլլալ նման իրավիճակներ դիմագրաւելու։ Այսուհետեւ բոլորս պէտք է զգօն ըլլանք, որպէսզի վերաշինութեան ընթացքին անցեալի նոյն սխալները չկրկնուին. հակառակ պարագային, ամենէն խոցելի խաւերը դարձեալ պիտի կրեն ապականութեան եւ անտարբերութեան հետեւանքները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/07/2026, 11:04