Պատուաստներ. 2025-ին 13,5 միլիոն մանուկ կը մնան առանց որեւէ դեղաչափի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հակառակ նախորդ տարուան համեմատ արձանագրուած թեթեւ բարելաւման, 2025-ին աշխարհի տարածքին շուրջ 13,5 միլիոն մանուկ իրենց կեանքի առաջին տարուան ընթացքին պատուաստի ոչ մէկ դեղաչափ ստացած է։ Այս մէկը թը հաստատէ ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամի (UNICEF) եւ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) հրապարակած նոր գնահատականները, որոնք կը շեշտեն, թէ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը տակաւին անբաւարար է համավարակէն առաջ գրանցուած պատուաստման մակարդակին վերադառնալու համար։
Ըստ զեկոյցին՝ նորածիններուն 90%-ը ստացած է թաղանթախտի (դիֆթերիա), տետանոսի եւ կապոյտ հազի դէմ պատուաստի առնուազն մէկ դեղաչափ, իսկ 85%-ը ամբողջացուցած է երեք դեղաչափերու ամբողջական ընթացքը։
Այսուհանդերձ, միլիոնաւոր մանուկներ տակաւին կը կտրեն պատուաստման ընթացքը՝ մեծցնելով այնպիսի համաճարակներու վտանգը, ինչպիսին է կարմրուկը, որ 2025-ին ծանր բռնկումներ պատճառած է 57 երկիրներու մէջ։
Երկու կազմակերպութիւնները կը շեշտեն, որ հակամարտութիւնները, աղքատութիւնը եւ տեղահանութիւնները կը շարունակեն սահմանափակել պատուաստներու հասանելիութիւնը առաւել խոցելի երկիրներուն մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, միջին եւ բարձր եկամուտ ունեցող երկիրներուն մէջ կը նկատուի պատուաստման տոկոսի անկում, որ կապուած է պատուաստներու հանդէպ աճող տատամսումին, կազմակերպչական դժուարութիւններուն եւ քաղաքական նուազ աջակցութեան հետ։
ԱՀԿ-ն եւ UNICEF-ը կոչ կ՚ընեն կառավարութիւններուն՝ զօրացնելու ներդրումները պատուաստման ծրագիրներուն մէջ, պայքարելու ապատեղեկատուութեան դէմ եւ բարելաւելու տուեալներու հաւաքագրման համակարգերը, նպատակ ունենալով երաշխաւորել, որ իւրաքանչիւր մանուկ կարենայ օգտուիլ պատուաստներու ընձեռած պաշտպանութենէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.