Որոնել

2026.07.24 3° Congresso Internazionale di Studi Armeni dedicato al 350° anniversario di Mkhitar di Sebaste

Հայագիտական 3-րդ միջազգային համագումարը նուիրուած Մխիթար Սեբաստացիի 350 ամեակին

Համագումարի բացման հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ներկայացուցիչները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2026-ին, Զմմառի Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ եւ Զմմառի Վանքի Մեծաւոր՝ Գերպ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան, եւ Մայրավանքի Փոխ մեծաւոր, թանգարանապետ, մատենադարանի տնօրէն եւ դիւանապետ՝ Գեր. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած Հայագիտական Գ. միջազգային համագումարի հանդիսաւոր բացման արարողութեան։

Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին նուիրուած այս միջազգային գիտաժողովը, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ, համախմբած է աշխարհի տասնվեց երկիրներէ ժամանած հայագէտներ, գիտնականներ, համալսարաններու, գիտահետազօտական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցական եւ ձեռագրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ Վաչէ Շարաֆեանի «Հայաստան» ստեղծագործութեան հանդիսաւոր կատարումով՝ «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբին կողմէ, որմէ ետք ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի նախարար տիկին Ժաննա Անդրէասեան, Մատենադարանի տնօրէն պարոն Արա Խզմալեան եւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Ալեսանտրօ Ֆերրանթի։

Եռօրեայ համագումարի աշխատանքներուն ընթացքին մասնակիցները արծարծեցին հայագիտութեան արդի մարտահրաւէրներն ու զարգացման հեռանկարները, հայկական ձեռագրական ժառանգութեան պահպանութեան, վերականգնման եւ թուայնացման աշխատանքները, միջազգային գիտական համագործակցութեան նոր ուղիները, ինչպէս նաեւ Մխիթար Սեբաստացիի կեանքին, գործին եւ հայ մշակոյթին մատուցած անգնահատելի ծառայութիւններուն վերաբերող զանազան ուսումնասիրութիւններ։

Զմմառի Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մասնակցութիւնը այս միջազգային գիտաժողովին կը վերահաստատէ Միաբանութեան յանձնառութիւնը՝ աջակցելու հայագիտական հետազօտութիւններուն, ձեռագրական ժառանգութեան պահպանման եւ եկեղեցական ու գիտական կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/07/2026, 08:30