Որոնել

2026.07.29 Squadra armena di tiro a segno campione del mondo

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը աշխարհի ախոյեան

Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց 5 ոսկի, մէկ արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ: Որովհետեւ աւելի մեծ թիւով ոսկի մետալներ շահեցաւ, Հայաստան 9 ընդհանուր մետալներով գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Ֆինլանտան, որ ընդհանուր 11 մետալներ շահած էր, բայց միայն 3 ոսկի մետալներ ձեռք ձգած:

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը առաջին դիրքը գրաւեց Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ Յուլիս 20-26ին տեղի ունեցած շարժող թիրախի աշխարհի ախոյեանութեան խմբային ընդհանուր դասաւորման մէջ:

Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց 5 ոսկի, մէկ արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ: Որովհետեւ աւելի մեծ թիւով ոսկի մետալներ շահեցաւ, Հայաստան 9 ընդհանուր մետալներով գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Ֆինլանտան, որ ընդհանուր 11 մետալներ շահած էր, բայց միայն 3 ոսկի մետալներ ձեռք ձգած:

Այս մրցաշարքը պատմական էր հայկական հրաձգութեան համար, որովհետեւ հայ ներկայացուցիչները առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսներ նուաճեցին շարժող թիրախ մրցաձեւին մէջ:

Մեծերու մրցաշարքին գլխաւոր հերոսներ դարձան Հայկ Մինասեան եւ Գոռ Խաչատրեան:

Մինասեան անհատական ոսկի մետալ շահեցաւ 10 մեթր հեռաւորութենէն շարժող թիրախի խառն վազքի վարժութեան: Մինասեան նուաճեց նաեւ պրոնզ մետալ մը` բնական վազքի վարժութեան:

Խաչատրեան աշխարհի ախոյեան դարձաւ 10 մեթր հեռաւորութեան բնական վազքի անհատական մրցումին:

Տղոց հաւաքականը յաջող ելոյթ ունեցաւ խմբային մրցումներուն: Հայկ Մինասեան, Գոռ Խաչատրեան եւ Յովհաննէս Մարգարեան ոսկի մետալ նուաճեցին 10 մեթր հեռաւորութեան բնական վազքի վարժութեան:

10 մեթր հեռաւորութեան խառն վազքի վարժութեան Հայաստանի եռեակը արծաթէ մետալ նուաճեց:

Տղաքը երկու պրոնզ մետալներ եւս նուաճեցին 50 մեթր հեռաւորութենէն բնական վազքի եւ խառն վազքի մրցումներուն:

Աղջկանց երիտասարդներու մրցումներուն, Այդա Ազատեան երկու ոսկի մետալ նուաճեց:

Ազարեան աշխարհի ախոյեան դարձաւ 10 մեթր հեռաւորութեան բնական եւ խառն վազքի մրցումներուն:

Հայաստանի հաւաքականը աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած էր 12 հրաձիգով։    

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

29/07/2026, 08:05