2026.07.27 Pellegrinaggio dei fedeli armeni al Monastero di San Taddeo

Մնայուն խաղաղութեան աղերսքով՝ Սուրբ Թադէի վանքի ուխտագնացութիւնը

Շաբաթ օրուան հանդիսաւոր Ս. Պատարագին իր քարոզին մէջ առաջնորդը հաւատացեալները կոչ ուղղեց վերանորոգելու իրենց հաւատքը, պահպանելու ազգային միասնութիւնը եւ աղօթելու աշխարհի, յատկապէս Իրանի խաղաղութեան համար։ Պատարագէն ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն՝ Ս. Թադէոս Առաքեալի մասունքակիր Աջով, հիւանդներու բժշկութեան եւ հաւատացեալներու առողջութեան համար։

Ատրպատականի Հայոց թեմի կազմակերպութեամբ 16-18 Յուլիսին Իրանի պատմական Ս. Թադէի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի հովանաւորութեամբ եւ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի նախագահութեամբ։

Իրանէն, Հայաստանէն եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ մասնակցեցան աղօթքներուն, ժամերգութիւններուն, մկրտութիւններուն, Հսկումի արարողութեան եւ Ս. Պատարագին։ Այս տարուան ուխտագնացութիւնը առանձնայատուկ կերպով նուիրուած էր խաղաղութեան աղերսին՝ վերջին շրջանի պատերազմի եւ անապահովութեան յաջորդած օրերուն։

Մնայուն խաղաղութեան աղերսքով՝ Սուրբ Թադէի վանքի ուխտագնացութիւնը
Մնայուն խաղաղութեան աղերսքով՝ Սուրբ Թադէի վանքի ուխտագնացութիւնը

Ուխտագնացութեան ընթացքին առաջնորդ սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ տեղական պետական եւ զինուորական պատասխանատուներուն հետ, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ ուխտագնացութեան կազմակերպման եւ վանքի պահպանութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ան նաեւ ընդգծեց Ս. Թադէի վանքի կարեւորութիւնը որպէս աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական սրբավայրերէն մէկը։

Շաբաթ օրուան հանդիսաւոր Ս. Պատարագին իր քարոզին մէջ առաջնորդը հաւատացեալները կոչ ուղղեց վերանորոգելու իրենց հաւատքը, պահպանելու ազգային միասնութիւնը եւ աղօթելու աշխարհի, յատկապէս Իրանի խաղաղութեան համար։ Պատարագէն ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն՝ Ս. Թադէոս Առաքեալի մասունքակիր Աջով, հիւանդներու բժշկութեան եւ հաւատացեալներու առողջութեան համար։

Ուխտագնացութեան ընթացքին բացուեցաւ նաեւ վանքի վերանորոգուած բաժիններէն մէկը՝ վանահօր խուցը, եւ ներկայացուեցան շարունակուող վերանորոգման աշխատանքները։ Առաջնորդը գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին վանքի պահպանութեան եւ ուխտագնացութեան յաջող կազմակերպման։

Ուխտագնացութիւնը աւարտեցաւ բազմաթիւ ուխտաւորներու միասնական աղօթքով, խաղաղութեան մաղթանքով եւ ազգային ու հոգեւոր միասնութեան շեշտադրմամբ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/07/2026, 09:10