Որոնել

Հորմուզի նեղուցը Հորմուզի նեղուցը 

Փաքիստան. «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի հետ Հորմուզի նեղուցին մէջ կացութեան եւ մագլցումի մեղմացման շուրջ քննարկումը կը շարունակուի»

Փաքիստանը ջանքեր կը գործադրէ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ բանակցութիւնները վերականգնելու համար, մինչ ամերիկեան բանակը հարուածած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի թիրախները՝ ի պատասխան վերջինիս հրթիռային յարձակումներուն: Միեւնոյն ժամանակ, նախագահ Թրամփը եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած են Փաքիստանի միջոցով Իրանին չինական հակաօդային սպառազինութիւն մատակարարելու մասին լուրերը:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահիր Անտրապի յայտնեց, որ իր երկիրը իր ամբողջ ջանքը կը թափէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները վերականգնելու համար:

Ան նշեց, որ երկու կողմերուն միջեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ կացութեան եւ մագլցումի մեղմացման շուրջ քննարկումը տակաւին կը շարունակուի:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ Փաքիստան երկու կողմերը կը քաջալերէ ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ փոխըմբռնման յուշագիրի գործադրման համար երկխօսութեան յանձնառու ըլլալու համար:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ ամերիկեան բանակը յաջողութեամբ աւարտած է Իրանի դէմ հարուածներու ծանր ալիքը` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու ուժերուն ուղղութեամբ հրթիռային յարձակման չորեքշաբթի օրուան փորձին:

«Կեդրոնական հրամանատարութեան միջոցները հարուածներ հասցուցած են Յեղափոխական պահակագունդի տասնեակ թիրախներու, ներառեալ զինուորական հրամանատարական կեդրոններու, հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու դիրքերու, ինչպէս նաեւ ծովային կարողութիւններու վրայ:

«Հարուածներու նպատակն էր հետագային նուազեցնել Իրանի եւ անոր գործակատարներուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու ուժերուն, առեւտրական նաւագնացութեան եւ դրացի Ծոցի երկիրներուն սպառնացող վտանգները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը բազմաթիւ հեռահար հրթիռներ արձակած էր Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայաններու դէմ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը երէկ ալ յայտարարեց. «Նախայարձակը այսօր պիտի պատժուի»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ իր երկիրը շատ հիասթափուած պիտի ըլլար, եթէ Չինաստան իրապէս Փաքիստանի միջոցով Իրանին մատակարարէր հակաօդային ուսի վրայ կրուող հրթիռային համակարգեր, ինչպէս արեւմտեան մամուլը կը պնդէր:

«Ատիկա զարմանք պիտի յառաջացնէր: Ես նկատի ունիմ` նման բաներ կ՛ըլլան: Սակայն ատիկա զարմանք պիտի յառաջացնէր», ըսած է ան` մեկնաբանելով արեւմտեան լրատուամիջոցներու հրապարակումները Փաքիստանի միջոցով Իրանին չինական նման համակարգերու վաճառքի ծրագիրներու գոյութեան մասին:

«Ան ինծի շատ հաստատակամօրէն ըսաւ, որ իրենք մասնակցութիւն պիտի չունենան Իրանին զինուորական օգնութիւն տրամադրելու գործին մէջ», պնդեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նկատի ունենալով մայիսին Փեքինի մէջ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ իր բանակցութիւնները:

«Ան գիտէ, որ ես բոլորովին հիասթափուած պիտի ըլլայի», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Չժան Սիաոկա յայտարարած էր, թէ Փեքին Թեհրանին չի մատակարարեր հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր, հակառակ արեւմտեան մամուլին մէջ գոյութիւն ունեցող պնդումներու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

31/07/2026, 07:30