Որոնել

Ծով, բնութիւն Ծով, բնութիւն 

Անգործ Մարդուն «Գործը»

Յօդուածը կը դատապարտէ պատերազմը որպէս մարդկային տգիտութեան, ագահութեան եւ բարոյական անկումի հետեւանք՝ շեշտելով, որ ոմանց համար պատերազմը շահի ու իշխանութեան միջոց է, մինչ ան մարդկութեան համար կործանում եւ դժոխք կը ստեղծէ։ Հեղինակը կը կոչէ սորվելու բնութենէն ու կեանքի փորձառութենէն, հրաժարելու անիմաստ հակամարտութիւններէն եւ հոգեւոր ու բարոյական դաստիարակութեամբ խաղաղութիւն կառուցելու՝ մարդկութիւնը պատերազմ հրահրող մտածելակերպէն փրկելու համար։

Ո՞ր մէկ ծովուն մէջ ըլլալդ գիտնալու չափ կարեւոր է նաեւ դէպի ո՞ւր նաւելդ, այլապէս անորոշութեան պիտի մատնուիս, եւ շատ հաւանական է, որ անդնդախոր տեղ մը ընկղմիս, ու կորսուիք դո՛ւն եւ նաւդ:

Ծովահէններուն գործը աւազակութիւն էր, որոնք թէպէտ ներկայ օրերուն չկան իրենց հնամեայ տարազներով, սակայն ծովու ճամբով իրենց երկրէն փախչողներուն եւ այլ երկիրներու ծովափները հասնողներուն տեսարանները քիչ մը կը յիշեցնեն անոնց անցեալի իրավիճակը:

Ծովու ջուրերուն վստահող եւ ընդարձակ ու անորոշ ուղղութիւններ ունեցող տարածութեան ապաւինող ներկայ մարդիկ կը մոռնան, որ այսօր արբանեակային հսկողութիւնը կատարելագործուելով` անցեր է իր չափն ու սահմանը, մինչեւ իսկ` տան պատերու ետին գտնուող գոյքերուն նշումը կատարելու հնարաւորութեամբ…

Անգործ մարդոց ծուլութիւնը գործի վերածուելու «գեղեցիկ» պատկերներէն մէկն է նաեւ այն, երբ ծովուն մէջ կործանուող նաւուն վրայ եղած միջոցին ստիպողական աշխատանք կը տանին գէթ իրենց կեանքը փրկելու համար: Այս ծոյլերը պէտք է անմիջապէս սկսին նաւուն մէջ լեցուող ջուրը դատարկել, նոյնիսկ` փոքրիկ դոյլերով, արագ-արագ, որպէսզի նաւը լեցուելով չընկղմի, եւ իրենք չխեղդուին…

Ծովահէններու «գործ»-երէն մէկն ալ անցորդ նաւերուն հետ կռիւ ստեղծելն էր: Կարելի է ըսել, որ ատիկա իրենց միակ «գործ»-ն էր, որ նիւթական կ՛ապահովէր, որով կարենային գոյատեւել ծովային անծայրածիր աշխարհին մէջ: Ուրեմն նման ուղեղով մարդոց գոյութիւնը կախեալ էր կռիւէն, պատերազմէն, ուրիշները սպաննելու մոլուցքէն:

Ծուլութեան մասին խօսիլը, պատերազմող մարդոց պարագային, անիմաստ է, երբ անոնց մտածելակերպով, «աշխատելու» լաւագոյն ձեւը եւ շահու հիմնական աղբիւրը պատերազմն է: Նման անձերու սեփական բառարանին մէջ «պատերազմ» բառին հոմանիշներն են` «կայտառութիւն», «աշխատասիրութիւն», «անխոնջ աշխատանք», «եկամուտի աղբիւր», «քաջութիւն», «հերոսութիւն», իսկ վերջին ժամանակներուն նոյն բառարանին մէջ աւելցեր է նոր հոմանիշ մը, որ «խաղաղասիրութիւն»-ն է: Այս վերջին հոմանիշին ստեղծումը ինչպէ՞ս, որո՞ւ հաշուոյն, ի՞նչ վճարումով կատարուեր է, ցարդ յստակ չէ մեր ապրած աշխարհին: Նոպէլեան մրցանակի հիմնադիրները վստահաբար օր մը կը յաջողին ատոր արժէքը գնահատել եւ համայն մարդկութեան բացատրել «խաղաղասիրութիւն» բառը: Արդեօ՞ք պիտի սպասենք մինչեւ Ահաւոր դատաստանի օրը վրայ հասնի, որպէսզի կարենանք իմանալ «խաղաղասիրութիւն» բառին իսկական իմաստը…

Մարդոց ունեցած տարիքը, յատկապէս` ծերունիներու պարագային, իրենց մեծ «ուսուցիչ»-ներէն մէկն է, որ կեանքի մէջ պատահած դէպքերուն բերումով կը դաստիարակէ անկանոն առօրեան ու անտրամաբանական մօտեցումներ ունեցող անձերը: Իրենց առջեւ մնացած տասը, տասնհինգ, կամ աւելի քիչ տարիներն ալ երբեմն չեն կրնար կրթել անկիրթները, որոնք մանկութեան տարիներէն սկսեալ շփացած ու անզուսպ կեանքով ապրած են իրենց կեանքը:

– Ըսէ՛ ինծի` ո՞վ է ուսուցիչդ, ըսեմ քեզի` ո՞վ ես դուն…

Ժողովրդային լայնածիր փորձառութենէն բխող այս նախադասութիւնը պարզ իմաստութիւն մը կը պարունակէ իր մէջ, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Նոյնիսկ անգրագէտ, եւ դպրոցական գրասեղանի ետեւ չնստած անձեր կան մեր շրջապատին մէջ, որոնք այս տողը շատ յստակ կ՛արտասանեն: Մեծերէն ժառանգած իրենց այս պարզ իմաստութիւնը նաեւ կը զսպէ զիրենք` անիմաստ պայքարներէ հրաժարելու եւ անպէտք կռիւներէ հեռու մնալու:

Անգրագէտներուն եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած ու աշխարհը ղեկավարելու ընտրուած անձերուն բաղդատականը ընելը ընթերցողներուն պէտք է թողուլ, որպէսզի առօրեայ լրատուութիւններուն ճամբով կարենան բացայայտել ճշմարտութիւնը: Անգրագէտին առօրեայ բանուորական գործը այնքան շատ է, որ հազիւ գիշերուան ուշ ժամերուն տուն կը հասնի, երբ արդէն քնացած կ՛ըլլան զաւակները, իսկ կինը արթուն սպասելով` կը շտկէ անոր համար ընթրիքի պարզ սեղան մը:

Միւս կողմէ, սակայն, կրթուածը, որուն վստահուած են երկիրը, աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ այլ բարձրամակարդակ որոշումներ, գիտէ իր ոտքերը հանգիստ երկարել անկողինին մէջ, գլուխը անհոգ դնել բամպակեայ բարձին եւ քաղցր երազներ տեսնել` զաւակներուն ու թոռներուն ընկերակցութեամբ… Ան նոյնիսկ երբ իր երազին մէջ արիւնահեղութիւն տեսնէ, հպարտութեան խրոխտ շարժումով քաջաբար իր սուրը կը ճօճէ օդին մէջ` Ներոնին ու անոր նմաններուն նմանելու միամիտ տգիտութեամբ:

Պատերազմ հրահրող եւ սկսող ղեկավարներ կը մտածե՞ն օդի ու բնութեան պահպանութեան մասին, երբ նոյն անձերը, խաղաղութեան օրերուն, իրենց պետութեան կազմին մէջ օդի ու բնապահպանութեան համար նախարարութիւն եւ ոչպետական կառոյցներ կը հիմնեն… Ուրեմն նման իմաստուններու համար պատերազմը աւելի՛ կարեւոր է, քան` մարդկային կեանքի անվտանգութիւնը: Մտքի տկարութիւնը եւ մտածումներու աղքատութիւնն է, որ յաճախ պատերազմի դուռ կը բանայ:

Պատերազմական իրավիճակը դադրեցնողին եւ իբր թէ խաղաղութիւն հաստատողին հիմնական նպատակը սպասուած խաղաղութիւնը չէ, այլ` իր ռազմական ծախսերը փակելու առիթի ստեղծումը: Աշխարհի սկիզբէն իսկ ծայր առած պատերազմներու արդիւնքները տակաւին չեն յաջողած կրթել մարդկութիւնը: Բոլոր դարերուն ապրածները, ինչպէս նաեւ` ներկայիս ապրողները աշխարհի տարբեր անկիւններուն, պատերազմելու երազանքով կը քնանան եւ նորը սկսելու հեռանկարով կ՛արթննան… Անգործ մարդուն «գործը» պատերազմն է…

Բնութիւնը եւ կենդանական աշխարհը որքա՜ն դասեր ունին տալիք մարդկութեան, եթէ կարենանք հասկնալ… Մեղուին փեթակը քարկոծելով` խաղաղութեան պայմաննե՞ր կրնաս առաջարկել: Իր փեթակին քար նետողին դիմաց, բոլորին լուր կու տայ մեղուն, եւ բոլորն ալ կը միանան ու իրենց կեանքն իսկ զոհելու պատրաստակամութեամբ կը յարձակին թշնամիին վրայ: Իր մեղրը պատրաստած ժամանակ քարկոծողին հետ գործ ունէ՞ր մեղուն: Բայց երբ առաջին քարը դպչի փեթակին, թագուհիին հրահանգով, բոլորը իրենց անձը զոհելու պատրաստ, դուրս կու գան փեթակէն:

Պատերազմը դժոխքի նախատիպն է: Երեւակայական դժոխքը իրականութիւն կը դառնայ, երբ ռմբակոծութեան ժամանակ փուլ եկած շէնքին տակը խցանուած անձ մը շնչասպառ դառնալու պահուն իր աչքերով կը տեսնէ դժոխքը ու զինք անոր բաժնեկից դարձուցած սատանան, զոր կ՛անիծէ իր հոգին աւանդած վայրկեանին:

Անգործ մարդուն «գործը» եթէ պատերազմն է, հոգեւորապէս դաստիարակուած մարդոց կը մնայ աշխարհը այդ տգէտներէն փրկելու եւ մնացեալները կրթելու նուիրական առաքելութիւնը:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

14/07/2026, 10:04