Որոնել

2019.03.29 Gaza, bambini, zona di conflitto, guerra, infanzia negata

ԵՈՒՆԻՍԵՖ. Միջին Արեւելքի տագնապի հետեւանքներուն պատճառով աւելի քան 23 միլիոն երեխայ աղքատութեան վտանգի տակ է

Կազմակերպութիւնը կոչ կ'ընէ կառավարութիւններուն եւ միջազգային համայնքին՝ ամրապնդելու ընկերային պաշտպանութեան համակարգերը, երաշխաւորելու հիմնական ծառայութիւններու ֆինանսաւորումը եւ սատարելու ամենաշատ տուժած ընտանիքներուն՝ խուսափելու համար այնպիսի հետեւանքներէ, որոնք կրնան դրոշմել ամբողջ սերունդ մը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Միջին Արեւելքի տագնապը կրնայ մինչեւ 2026 տարուայ աւարտին մինչեւ 23,4 միլիոն յաւելեալ երեխայ մղել տնտեսական աղքատութեան։ Այս մասին կը յայտնէ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի նոր վերլուծութիւնը, որ կը շեշտէ, թէ սննդամթերքի ու ուժանիւթի գիներու բարձրացումը եւ առեւտրական ուղիներու խափանումները՝ յատկապէս Հորմուզի նեղուցին մէջ, կը վատթարացնեն ամենախոցելի ընտանիքներու կացութիւնը աւելի քան 167 երկիրներու մէջ։

Ըստ զեկոյցին՝ ճգնաժամի հետեւանքները կը զգացուին յատկապէս Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ, ուր սղաճն ու հիմնական ապրանքներու սղութիւնը արմատապէս կը նուազեցնեն գնողական ուժը։ Այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Սոմալիան, Եթովպիան, Նիճերիան եւ Պանկլատէշը, արդէն իսկ կ'արձանագրեն ծախսերու այնպիսի աճ մը, որ կը վտանգէ սնունդի, կրթութեան, առողջապահական խնամքի եւ մարդասիրական օգնութեան հասանելիութիւնը։

ԵՈՒՆԻՍԵՖ կը զգուշացնէ, որ առանց արագ միջամտութիւններու, աշխարհը կրնայ կորսնցնել մանկական աղքատութեան դէմ պայքարին մէջ արձանագրուած տարիներու յառաջդիմութիւնը։

Կազմակերպութիւնը կոչ կ'ընէ կառավարութիւններուն եւ միջազգային համայնքին՝ ամրապնդելու ընկերային պաշտպանութեան համակարգերը, երաշխաւորելու հիմնական ծառայութիւններու ֆինանսաւորումը եւ սատարելու ամենաշատ տուժած ընտանիքներուն՝ խուսափելու համար այնպիսի հետեւանքներէ, որոնք կրնան դրոշմել ամբողջ սերունդ մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/07/2026, 09:22