Ջանէս Նազարեան Ջանէս Նազարեան 

Ըմբշամարտ. Ազրպէյճանի մէջ հնչեց Հայաստանի քայլերգը. Ջանէս Նազարեան` աշխարհի ախոյեան

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Ջանէս Նազարեան Ազրպէյճանի մէջ ընթացող մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան 71 քկ կշիռի կարգին 4-3 արդիւնքով յաղթեց ռուս Ասլան Ձույեւին եւ երկրորդ անգամ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան՝ Պաքուի մէջ հնչեցնելով Հայաստանի քայլերգը։ Նոյն ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականը արձանագրեց իր երրորդ մետալը, մինչ Գէորգ Յարութիւնեան նուաճեց պրոնզէ մետալ 51 քկ կշիռի կարգին, իսկ Արարատ Աւետիսեան՝ 48 քկ կշիռին մէջ։

Հայաստանը ներկայացնող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մարտիկ Ջանէս Նազարեան ոսկի մետալ նուաճեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան:

Մինչեւ 71 քկ կշիռի աւարտականի մրցումին, Նազարեան 4-3 արդիւնքով յաղթեց ռուս ըմբիշ Ասլան Ձույեւին եւ իր ասպարէզի ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի պատանիներու ախոյեան:

Հայ ըմբիշը տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ մինչեւ աւարտական` իր նախկին մրցումներուն յաղթելով ժամանակէն առաջ 34-0 ընդհանուր հաշուով:

Բայց աւարտականի մրցումը շատ դժուար էր: Նազարեանի մրցակիցը մինչեւ 65 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեանն էր: Առաջին մասին հայ ըմբիշը 3-1 արդիւնքով կը պարտուէր, սակայն գօտեմարտի երկրորդ մասին Նազարեան կրցաւ կարեւոր կէտեր խլել եւ յաղթել մրցումը:

Աւարտականի մրցումէն ետք, Նազարեան Հայաստանի դրօշով պատուոյ շրջան կատարեց գորգին շուրջ: Պաքուի մէջ մրցումին ներկաներուն մէկ մասը սուլիչներով դիմաւորեց հայ մարզիկը, բայց իրաւարարները եղած էին շատ արդար եւ անսխալ:

Հայաստանի հաւաքականի այս ոսկի մետալը եղաւ այս ախոյեանութեան 3-րդ մետալը` երկու պրոնզներէ ետք:

Այս մրցումէն առաջ Գէորգ Յարութիւնեան մինչեւ 51 քկ կշիռի մրցումներուն ցուցադրած էր ամուր եւ հաստատ կամք եւ յաղթած վրացի ըմբիշ Սապա Ապաշիծէին 5-0 արդիւնքով:

Նախապէս Հայաստանի ախոյեան դառնալէ ետք, Յարութիւնեան չէր ընդգրկուած Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականին մէջ, բայց աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելով ան ինքզինք փաստեց:

Օր մը առաջ Արարատ Աւետիսեան իր կարգին պրոնզէ մետալ շահած էր 48 քկ կշիռի մրցումներուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

31/07/2026, 07:00