Որոնել

Տերսիմի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին Տերսիմի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին  

Տերսիմի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին փլուզման վտանգի տակ

Տերսիմի Հոզաթ գաւառին մէջ գտնուող 975 թուականին կառուցուած Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին, որ շրջանի ամէնէն մեծ հայկական եկեղեցին կը նկատուի, տարիներու անխնամութեան եւ գանձ որոնողներու աւերածութիւններուն պատճառով այսօր փլուզման լուրջ վտանգի տակ կը գտնուի։ Տեղացիները կը պահանջեն շուտափոյթ վերականգնել պատմական յուշարձանը՝ ընդգծելով, որ ան ոչ միայն հայկական մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան կարեւոր վկայութիւն մըն է, այլ նաեւ կրնայ նպաստել շրջանի մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման։

Տերսիմի Հոզաթ գաւառի Էրկէն (Կեչիմլի) գիւղին մէջ կը գտնուի պատմական Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին, որ հանրածանօթ է նաեւ Էրկանի վանք անունով։ Տարիներու անտէրութեան եւ անխնամ վիճակին հետեւանքով եկեղեցւոյ մնացորդացը կը գտնուի փլուզման լուրջ վտանգի մը հետ դէմ յանդիման։

Եկեղեցին կառուցուած է 975 թուականին եւ կը նկատուի Տերսիմի շրջանի ամէնէն մեծ հայկական եկեղեցին։ Կառոյցը իր քարաշէն ճարտարապետութեամբ, կամարակապ մուտքով եւ քանդակազարդ պատերով շրջանի բազմամշակութային անցեալի արժէքաւոր վկայութիւններէն մէկն է։ Սակայն երկար տարիներէ ի վեր վերանորոգութեան ո՛չ մէկ աշխատանք տարուած է, բան մը որու հետեւանքով շինութիւնը շարունակաբար կը վնասուի թէ՛ բնական պայմաններու, թէ՛ գանձ փնտռողներու ապօրինի միջամտութիւններուն պատճառով։ Այսօր եկեղեցւոյ քարերէն շատեր վնասուած կամ տեղահանուած են, իսկ պատերուն վրայ արձանագրուած են զանազան գրութիւններ, որոնք աւելի կը խորացնեն պատմական յուշարձանին կրած վնասները։

Յիշեցնենք, որ տակաւին 2012-ին Էրզրումի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանութեան Խորհուրդը ընդունած էր եկեղեցւոյ պահպանման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ դիմումը, զոր ներկայացուցած էր Թունճելիի նահանգային Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Տնօրէնութիւնը։ Այնուհանդերձ, մինչեւ այսօր յուշարձանին պահպանութեան կամ վերականգնման ուղղութեամբ որեւէ գործնական քայլ չէ առնուած։

Տեղական աղբիւրներու համաձայն, գիւղի բնակիչները կը պահանջեն, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցին վերականգնուի եւ վերածուի հաւատքի ու մշակութային զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոնի։

Գիւղացիներէն Հայրի Եըլտըզ, անդրադառնալով պետական մարմիններու անտարբերութեան, նշեց թէ եկեղեցին պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի գանձ որոնողներու աւերածութիւններէն։ Ան նաեւ շեշտեց, որ եկեղեցի-յուշարձանի վերականգնումը կրնայ նոր կեանք հաղորդել գիւղին՝ ներգրաւելով այցելուներ Եւրոպայէն, Երեւանէն եւ Ռուսաստանէն։

Այլ բնակիչ մը՝ Մեհմէտ Օղուզ, իր կարգին ընդգծեց, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցին պատմական եւ հոգեւոր մեծ արժէք կը ներկայացնէ, եւ նմանօրինակ յուշարձաններու պահպանութիւնը պարտաւորութիւն է բոլորին համար, քանի որ անոնց կորուստը կը նշանակէ նաեւ մշակութային ժառանգութեան անդառնալի աղքատացում։

Յայտնի է, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցին 1915էն ի վեր դադրած է գործել։ Անոր ներքին պատերուն վրայ տակաւին պահպանուած են հայերէն արձանագրութիւններ, իսկ պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ 1915ի օրերուն Էրկանի վերջին քահանան ողջակիզուած է նոյն եկեղեցւոյ մէջ։

Գիւղացիները կ'ըսեն որ հայկական այս բացառիկ յուշարձանը կը շարունակէ սպասել այն հոգածութեան, որուն արժանի է՝ որպէս հայկական պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան լուռ վկաներէն մէկը։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/07/2026, 07:50