Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ հրդեհ
Երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բեռնարկղներու մէջ հրդեհ ծագեցաւ: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան դէպքի վայր` հրդեհին դէմ պայքարելու:
Պէյրութի նաւահանգիստի վարչութիւնը կէսօրին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան նկատուած ծուխը հետեւանք է հրդեհի սահմանափակ վերականգնման մեկուսացուած բեռնարկղներու մէջ, որոնց մէջ երկուշաբթի օր հրդեհ ծագած էր:
Վարչութիւնը ընդգծեց, որ Պէյրութի հրշէջները Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերուն հետ անմիջապէս միջամտած եւ բեռնարկղները պաղեցուցած ու հրդեհը մարած են:
Պէյրութի նաւահանգիստի վարչութիւնը մանրամասնելով յայտնեց, որ դէպի Պէյրութի նաւահանգիստ ուղղուող ծովին բացը գտնուող նաւու մը վրայ սահմանափակ հրդեհ ծագած է: Նաւապետը փոխանցած է, թէ հրդեհը կարելի եղած է մարել:
Նաւուն կանգ առնելէն ետք մասնագիտական խումբերը խնդրոյ առարկայ բեռնարկղը վերցուցած են նաւուն վրայէն, առանց որ վիրաւորներ եւ յաւելեալ վնասներ արձանագրուին:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.