Ե.Մ. արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման համակարգը դժուարութեամբ կը դիմակայէ Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ բռնկած հրդեհները
Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման համակարգը դժուարութեամբ կը դիմակայէ Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ բռնկած հրդեհները, որոնք կը շարունակեն ծանրաբեռնել տեղական ուժերը: Այս մասին հաղորդեց «Եուրոնիուզ»:
Հրդեհները կը գերազանցեն արձագանգման կարելիութիւնները: Կրակը Սպանիոյ մէջ ոչնչացուցած է աւելի քան 80.000 հեկտար տարածք, իսկ Ֆրանսայի մէջ` աւելի քան 42.000 հեկտար:
Հրդեհները, որոնք 320.000 մարդու ստիպած են իրենց տուները լքել, տակաւին ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ չեն առնուած:
Եւրոպական Միութիւնը նշուած երկու երկիրներուն աջակցելու նպատակով կը կատարէ իր պատմութեան մէջ մեծագոյն ծրագիրը: Պրիւքսել կ՛ընդունի, որ հրդեհները ձեռք բերած են աննախադէպ տարողութիւն` տարածուելով աւելի արագ, քան հրշէջները կը կարենան զանոնք վերահսկողութեան տակ առնել:
Ճգնաժամը նաեւ ցոյց տուած է, որ արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման համակարգերու վրայ աճող ծանրաբեռնուածութիւնը ազդած է լայն ծաւալի աղէտներու պարագային գործելու` միութեան կարողութեան վրայ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.