Մարդավաճառութեան դէմ Համաշխարհային Օր`․թակարդը համացանցի վրայ է եւ կը հարուածէ անչափահասները
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի` 30 Յուլիսին, կը նշուի Մարդավաճառութեան դէմ Համաշխարհային Օրը որ հաստատուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ։
2026-ի այս յիշատակումը ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ողբերգական իրականութեան մը վրայ ` արդի ստրկութիւնը լքած է ֆիզիկական հին ուղիները՝ տեղափոխուելով թուային տիրոյթ։
2026-ի նիւթը․ «Թակարդուած խաբեբայութեան ետեւ»
Արդարեւ այս տարուան ձեռնարկը կ՛ առաջնորդուի «Թակարդուած խաբեբայութեան ետեւ» (Trapped Behind the Scam) համաշխարհային կարգախօսով։
Միջազգային կազմակերպութիւններու հնչեցուցած համաշխարհային ահազանգը կը նկարագրէ արագ զարգացող երեւոյթ մը` այն է թէ ոճրագործ ցանցերը կ՛ օգտագործեն արհեստագիտութիւնը՝ իրենց զոհերը հաւաքագրելու, վերահսկելու եւ մեկուսացնելու համար։
Մեխանիզմը նենգ է։ Զոհերը կը պատասխանեն ընկերային ցանցերու կամ նամակագրութեան յաւելուածներու վրայ տեղադրուած օրինական աշխատանքի առաջարկներու։ Տեղ հասնելէ ետք, անոնք կը զրկուին փաստաթուղթերէ եւ կը մեկուսացուին ապա մահուան սպառնալիքի տակ, կը ստիպուին ընկերային ցանցերու վրայ կեղծ «ինքնութիւններ» վարել՝ «cripto»արժոյթներու եւ կեղծ ներդրումներու սխեմաներու միջոցաւ ամբողջ աշխարհի տարածքին օգտատէրեր խաբելու համար։
Գաղթականութեան Միջազգային Կազմակերպութիւնը (OIM) խստօրէն կը պահանջէ, որ այս անձերը ճանչցուին իբրեւ մարդավաճառութեան զոհեր, եւ ոչ թէ յանցագործներ։
Ահազանգ Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ
Եւրոպական Միութիւնը ունի շուրջ 9.500 զոհ։ Ամենաբարձր կեդրոնացումը կ՛ արձանագրուի Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ, որոնց կը հետեւին Հոլանտան ու Գերմանիան։ Եւրոմիութեան մէջ ընդհանուր զոհերու 16%-ը երեխաներ եւ դեռահասներ են (աւելի քան 1.500 դէպք)։
Իսկ Համաշխարհային մակարդակով, ըստ 2022 թուականին վերաբերող վերջին առկայ տուեալներուն, առեւտուրի աւելի քան 3 զոհերէն մէկը անչափահաս է, տուեալ մը, որ հաւանաբար թերագնահատուած է։
Նոր խոցելիութիւններ
Աշխարհաքաղաքական տագնապները, համաշխարհային հակամարտութիւններն ու կլիմայական ցնցումները կը շարունակեն սնուցանել մարդկային առեւտուրի աղբիւրը՝ զրկելով մարդիկը ապահով եւ կանոնաւոր գաղթի ուղիներէ։ Աղքատութիւնը միլիոնաւոր անհատներ կը մղէ վստահելու համացանցին՝ բջիջային հեռաձայնը վերածելով մաքսանենգներու կատարեալ խայծին։
Այս յանցագործութեան դէմ պայքարիլը այսօր կը պահանջէ համակարգչային առաջադէմ հմտութիւններ, միջազգային համագործակցութիւն եւ զօրաւոր ընկերային պաշտպանութիւն՝ այս նոր թուային վանդակներէն փախչիլ յաջողողներուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.