Ուժգին երկրաշարժ Ճափոնի մէջ
7,1 աստիճան ուժգնութեամբ ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց Ճափոնի հարաւային Քիուսիու կղզիի Քումամոթօ շրջանը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով` երկրաշարժին հետեւանքով դադրեցուած է երկաթուղային հաղորդակցութիւնը, եւ վնասուած են ինքնաշարժներու երթեւեկին համար օգտագործուող շարք մը կամուրջներ:
Ճափոնական աղբիւրներու համաձայն, երկրաշարժին հետեւանքով մասնակիօրէն դադրեցուած է կղզիի ելեկտրականութեան մատակարարումը, շուրջ 40 հազար շինութիւն զրկուած է ելեկտրականութենէ:
Քումամոթոյի մէջ առեւտուրի կեդրոններէն մէկը փուլ եկած է: Ճափոնի «Թի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, առեւտրական կեդրոնի մը յարկերէն մէկը փուլ եկած է, որուն հետեւանքով արձանագրուած են «մեծաթիւ» զոհեր: ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ շարք մը անձեր կը մնան փլատակներուն տակ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.