Կիւլպէնկեան հիմնարկը եւ Մատենադարանը՝ հայ ձեռագրերու համահաւաք Կիւլպէնկեան հիմնարկը եւ Մատենադարանը՝ հայ ձեռագրերու համահաւաք  

Կիւլպէնկեան հիմնարկը եւ Մատենադարանը՝ հայ ձեռագրերու համահաւաք տեսլականի շուրջ

Հայագիտական միջազգային համագումարի շրջանակին մէջ Մատենադարանին եւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչները քննարկեցին հայ ձեռագրական ժառանգութեան պահպանութեան, թուայնացման, գիտական ուսումնասիրութեան եւ ապագայ համագործակցութեան ուղիները՝ վերահաստատելով համատեղ ծրագիրներու շարունակութիւնը։ Հանդիպման աւարտին Մատենադարանին եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին միջեւ ստորագրուեցաւ երկամեայ համաձայնագիր՝ Համահաւաք ձեռագրացուցակի ստեղծման աշխատանքները շարունակելու նպատակով։

Հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոնները՝ Հայագիտական միջազգային համագումարի ռազմավարական առանցքը

2026 թուականի Յուլիս 24-ին, 3-րդ Հայագիտական միջազգային համագումարի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ արդէն աւանդութիւն դարձած կլոր սեղան-քննարկումը՝ Մատենադարանի ղեկավարութեան եւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Քննարկման ներկայ էին հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչները՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն, Մխիթարեան Միաբանութենէն եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութենէն։

Հանդիպման հրաւիրեալներուն շարքին էին նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի Հայ համայնքներու բաժնի վարիչ Ռազմիկ Փանոսեան եւ Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Տիգրան Զարգարեան։

Քննարկումներուն ընթացքին արծարծուեցան բազմաթիւ կարեւոր հարցեր՝ ձեռագրական հաւաքածոներու պահպանութեան համակարգի արդիականացում, թուայնացում եւ գիտական ուսումնասիրութիւններու զարգացում։

Հաւաք
Հաւաք

Մասնակից բոլոր կողմերը վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու արդէն ընթացքի մէջ եղող համատեղ ծրագիրները եւ մշակելու ապագայ գործակցութեան նոր ուղիներ։

Յատկապէս կարեւորուեցան Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւն կատարուած առաքելութեան արդիւնքները, Զմմառու Կղերի Միաբանութեան նորաստեղծ ենթակառոյցներուն ուղղուած մասնագիտական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն բերուած 10-րդ դարու Աւետարանի վերականգնման աշխատանքը։

Մատենադարանի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրուեցաւ այցելելու Անթիլիաս եւ Զմմառ՝ շարունակելու գործակցութեան ծրագիրները։

Քննարկման մասնակիցները ընդգծեցին Հայագիտական միջազգային համագումարի բացառիկ նշանակութիւնը՝ իբրեւ առկայ խնդիրներու համատեղ քննարկման, փորձառութիւններու փոխանակման եւ համագործակցութեան հաստատուն հարթակ։

Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ երկամեայ համաձայնագիր Մատենադարանի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի միջեւ՝ Համահաւաք ձեռագրացուցակի ստեղծման աշխատանքներու շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով։

Հայ ձեռագրական ժառանգութիւնը միայն անցեալի պահպանութիւն չէ. անիկա մեր մշակութային ինքնութեան կենդանի վկայութիւնն է, որ այսօր կը պահանջէ համատեղ գիտական միտք, հաստատութենական կամք եւ համազգային պատասխանատուութիւն։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/07/2026, 07:30