ARMENIA-AZERBAIJAN-CONFLICT-POLITICS-DEMO

ՄԱԿի Փորձագէտները կասկածի տակ կը դնեն «Սրբազան Պայքար»ի դատական հետապնդումը

Փորձագէտները նշած են, որ ցուցարարներուն նկատմամբ ուժի գործածութիւնը, խափանման միջոցները եւ պաշտօնատարներու հրապարակային յայտարարութիւնները կրնան հակասել մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներուն, ներառեալ անմեղութեան կանխավարկածին։

ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու անկախ փորձագէտները մտահոգութիւն յայտնած են Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ «Սրբազան պայքար» շարժման անդամներուն դէմ յարուցուած քրէական գործերուն առնչութեամբ։ Անոնք Հայաստանի կառավարութենէն պարզաբանում պահանջած են 2024 թուականի Յունիս 12-ի ոստիկանութեան գործողութիւններուն, ուժի կիրարկման եւ ահաբեկչութեան մեղադրանքներու հիմնաւորման մասին։

Փորձագէտները նշած են, որ ցուցարարներուն նկատմամբ ուժի գործածութիւնը, խափանման միջոցները եւ պաշտօնատարներու հրապարակային յայտարարութիւնները կրնան հակասել մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներուն, ներառեալ անմեղութեան կանխավարկածին։

Հայաստանի կառավարութիւնը մերժած է այս մտահոգութիւնները՝ պնդելով, թէ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւնները օրինական եւ համաչափ եղած են, իսկ ահաբեկչութեան մեղադրանքները հիմնուած են նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու վրայ, ոչ թէ քաղաքական կամ կրօնական շարժառիթներու։

Փաստաբան Տաթեւիկ Սողոյեանի համաձայն՝ թէեւ ՄԱԿի փորձագէտներու կարծիքը պարտադիր իրաւական ուժ չունի, ան կրնայ նշանակալի ազդեցութիւն ունենալ, եթէ գործը քննուի միջազգային դատական ատեաններու մէջ։

Այս պահուն գործով անցնող 18 մեղադրեալներէն ոչ ոք կալանքի մէջ կը գտնուի, իսկ Բագրատ արք. Գալստանեանի խափանման միջոցը փոխարինուած է տնային կալանքով։

Աղբիւրը Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/07/2026, 08:09