Ռուբէն Վարդանեանի գործով գանգատ ներկայացուած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարան
Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան յայտարարած է, որ Ռուբէն Վարդանեանի գործով 19 յուլիսին պաշտօնական գանգատ ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) եւ այնտեղ պիտի ներկայացնէ անոր շահերը:
Սահակեանի համաձայն, գանգատին մէջ ներկայացուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի ութ յօդուածներու խախտումներ` համապատասխան իրաւական եւ փաստական հիմնաւորումներով:
Սահակեանը տակաւին օրեր առաջ յայտնած էր, որ պաշտպանական կողմը վերջապէս յաջողած է ստանալ Վարդանեանի դատավճիռը, որ անհրաժեշտ էր ՄԻԵԴ դիմելու համար: Անոր համաձայն, մինչ այդ ազրպէյճանական կողմը չէր տրամադրեր դատավճիռը, այդ պատճառով ալ կարելի չէր սկսիլ Եւրոպական դատարանին մէջ վարոյթը:
Պաքուի զինուորական դատարանը 17 փետրուար 2026-ին Վարդանեանը դատապարտած էր 20 տարուան բանտարկութեան: Ըստ Սահակեանի, դատավճիռով ան մեղաւոր ճանչցուած է 41 դրուագով` Ազրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 21 յօդուածներու հիման վրայ, սակայն մեղաւորութիւնը չէ հիմնաւորուած փաստերով կամ ապացոյցներով:
Իրաւապաշտպանը նաեւ նշած է, որ Վարդանեան չէ բողոքարկած դատավճիռը` զայն նկատելով կանխորոշուած, իսկ Ազրպէյճանի ներպետական իրաւական պաշտպանութեան միջոցները` անարդիւնաւէտ, ուստի որոշած է իր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը շարունակել միջազգային իրաւական մեքանիզմներու միջոցով:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.