Որոնել

Տեղահան կիներ Տեղահան կիներ 

Սուտան, նոր յարձակումներ Հիւսիսային Քորտոֆանի մէջ. առնուազն 18 զոհ

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, G7-ը եւ Եւրոպական Միութիւնը եւ այլ կազմակերպութիւններ վերանորոգած են իրենց կոչերը՝ անմիջական զինադադարի համար, դատապարտելով մարդասիրական կացութեան վատթարացումն ու մարդկային իրաւանց շարունակական խախտումները։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրեր

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սուտանի մէջ հակամարտութեան սաստկացումը կը շարունակուի։ Վերջին 24 ժամուան ընթացքին առնուազն 18 հոգի մահացած է եւ 27-ը վիրաւորուած՝ անօդաչու սարքերով յարձակումի մը հետեւանքով, որ հարուածած է Հիւսիսային Քորտոֆանի Ալ Ռահատ քաղաքի շուկան եւ թաղամասերէն մէկը։ Իշխանութիւններուն համաձայն, յարձակումները կատարուած են Արագ Աջակցութեան Ուժերուն (RSF) կողմէ, որոնք աւելի ու աւելի հակամէտ են անօդաչու սարքեր օգտագործելու քաղաքացիական թիրախներու դէմ։

Պատերազմը, որ սկսաւ 2023-ի Ապրիլին՝ կանոնաւոր բանակին եւ RSF-ի միջեւ, կը շարունակէ պատճառ դառնալ ծանր մարդասիրական ճգնաժամի մը. կը հաշուուի շուրջ 400 հազար զոհ եւ աւելի քան 14 միլիոն տեղահանուած։

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, G7-ը եւ Եւրոպական Միութիւնը եւ այլ կազմակերպութիւններ վերանորոգած են իրենց կոչերը՝ անմիջական զինադադարի համար, դատապարտելով մարդասիրական կացութեան վատթարացումն ու մարդկային իրաւանց շարունակական խախտումները։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/07/2026, 11:49