Որոնել

Աֆկանիստան Աֆկանիստան  (© UNICEF)

ԻՒՆԻՍԵՖ․ Աֆղանիստանի մէջ 3,7 միլիոն երեխայ սուր թերսնուցման վտանգին առջեւ

ԻՒՆԻՍԵՖ-ը զգուշացուց, որ Աֆղանիստանի մէջ հինգ տարեկանէն վար 3,7 միլիոն երեխայ սուր թերսնուցման վտանգին տակ է՝ երաշտի, տնտեսական ճգնաժամի, միջազգային օգնութեան նուազման եւ առողջապահական ծառայութիւններու սահմանափակման պատճառով։ Կազմակերպութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց անհապաղ աջակցելու կանխարգելիչ սնուցման, առողջապահական, ջուրի եւ սանիտարական ծրագիրներուն՝ կանխելու համար մարդասիրական ճգնաժամի հետագայ խորացումը։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

ԻՒՆԻՍԵՖ-ը ահազանգեց, որ Աֆղանիստանի մէջ հինգ տարեկանէն վար շուրջ 3,7 միլիոն երեխայ կը գտնուի սուր թերսնուցման աճող վտանգին տակ։ Կազմակերպութեան նոր զեկոյցը կը փաստէ, որ ճգնաժամը այս տարի սկսած է աւելի կանուխ, քան սովորաբար, եւ պայմանաւորուած է երաշտով, կլիմայական փոփոխութիւններով, տնտեսական անկումով, միջազգային օգնութեան նուազումով, ինչպէս նաեւ Փաքիստանէն ու Իրանէն վերադարձող գաղթականներու մեծ հոսքով։

«Շատ քիչ, շատ ուշ. Աֆղանիստանի փոքր երեխաներուն սննդային ճգնաժամը» խորագրով զեկոյցին համաձայն, 34 նահանգներէն 26-ին մէջ թերսնուցման վիճակը 2025 տարուան համեմատ աւելի վատացած է։ Ամէնէն խոցելի խումբը երկու տարեկանէն վար երեխաներն են, որոնք կը կազմեն սուր թերսնուցման ծանր դէպքերուն 83 առ հարիւրը եւ միջին աստիճանի թերսնուցման դէպքերուն 77 առ հարիւրը։

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի Աֆղանիստանի ներկայացուցիչ Թաճուտտին Օյեւալէ զգուշացուց, որ ընտանիքներուն կողմէ սննդարար մթերքներու կրճատումն ու ճաշերու բացթողումը վաղ նախազգուշացման ազդանշաններ են, որոնք կրնան շատ արագ երեխաները հասցնել կեանքը վտանգող թերսնուցման։

Զեկոյցը նաեւ կը նշէ, որ ծանր սննդային անապահովութիւն ունեցող ընտանիքներու երեխաները մինչեւ վեց անգամ աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին սուր թերսնուցման ենթարկուելու։ Վիճակը կը սաստկացնեն նաեւ կրկնուող համաճարակները, պատուաստումներու ցած մակարդակը, խմելու ջուրի եւ սանիտարական ծառայութիւններու պակասը, ինչպէս նաեւ միջազգային ֆինանսաւորման կրճատման հետեւանքով առողջապահական ծառայութիւններու սահմանափակումը։

Թալեպաններու իշխանութեան վերադարձէն հինգ տարի անց Աֆղանիստանը կը շարունակէ դիմագրաւել աշխարհի ամենածանր մարդասիրական ճգնաժամերէն մէկը։ ԻՒՆԻՍԵՖ-ը միջազգային նուիրատուներուն կոչ կ՛ուղղէ անհապաղ ֆինանսաւորելու կանխարգելիչ սնուցման ծրագիրները, ընդարձակելու մայրերու եւ փոքր երեխաներու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջապահական ծառայութիւնները զուգակցելու մաքուր ջուրի, հիգիենայի եւ ընկերային պաշտպանութեան միջոցառումներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

14/07/2026, 09:55