Թայանի. «Հռոմը 4 Օգոստոսին Ամերիկեան միջնորդութեամբ Լիբանան- Իսրայէլ բանակցութիւններու նոր փուլ մը կը հիւրընկալէ»
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի յայտարարեց, թէ իր երկիրը 4 օգոստոսին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններ պիտի հիւրընկալէ:
Թայանի իտալական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Չորս օգոստոսին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկխօսութեան այլ նիստ մը կը հիւրընկալենք»:
Հռոմի մէջ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ անցեալ շաբթուան բանակցութիւններու փուլի ընթացքին փորձնական շրջաններու ճշդման մէջ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրուած էր:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց. «Հռոմի մէջ 4 օգոստոսին Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ դեսպաններու մակարդակով բանակցութիւններու փուլ մը տեղի պիտի ունենայ»:
Լիբանանեան պաշտօնական աղբիւր մը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Բանակցութիւններու 7-րդ փուլը զէնքի մենաշնորհման եւ շրջանին վրայ բանակի վերահսկողութեան ստուգման մեքանիզմը պիտի ճշդէ»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.