Որոնել

2026.07.23 Pellegrinaggio al convento armeno di San Taddeo

Աւելի քան 3000 ուխտաւորներ մասնակցած են Սուրբ Թադէի վանքի ուխտագնացութեան

Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արքեպիսկոպոս Չիֆթճեան նշած է, որ արարողութեան պատգամը Իրանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան ու անդորրութեան հաստատման մաղթանքն է։
Ունկնդրէ լուրը

Այս տարի Ատրպատականի Հայոց թեմին մէջ գտնուող Սուրբ Թադէի վանքի տարեկան ուխտագնացութեան մասնակցած են աւելի քան 3000 ուխտաւորներ։ Ըստ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան, Յուլիսի 16-18ին կայացած ուխտագնացութեան մասնակցած են Իրանէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 3000 ուխտաւորներ։

Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արքեպիսկոպոս Չիֆթճեան նշած է, որ արարողութեան պատգամը Իրանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան ու անդորրութեան հաստատման մաղթանքն է։ 

Այս առիթով, տեղի ունեցած է նաեւ Սուրբ Թադէ առաքեալի նորոգուած խուցին պաշտօնական բացումը։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/07/2026, 09:08