Որոնել

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը 

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը հրապարակեց քառօրեայ պատերազմի գործով առաջին վճիռը

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի գործերով առաջին վճիռը՝ արձանագրելով, որ Ազրպէյճանը խախտած է հայ զինուորական Հայկ Թորոյեանի կեանքի իրաւունքը, եւ պարտաւորեցուցած է Պաքուին հատուցում վճարել ու պատասխանատուութեան կանչել մեղաւորները։

Սթրասպուրկի դատարանը 18 յունիսին հրապարակեց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի գործերով առաջին վճիռը, որ կը վերաբերի ազրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու կողմէ հազարապետ Հայկ Թորոյեանի խոշտանգման եւ սպանութեան:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը արձանագրեց, որ Ազրպէյճան խախտած է հայ զինուորին կեանքի իրաւունքը, պարտաւորեցնելով Պաքուին հատուցում վճարել անոր հարազատներուն, պատասխանատուութեան կանչել խոշտանգման հրահանգ տուողն ու կատարողը:

Այս գործով փաստաբանական խումբի անդամ Սիրանուշ Սահակեանի համաձայն, ապրիլեան պատերազմի գործերով աւելի քան 20 վճիռներ կը սպասուին յառաջիկային` ազրպէյճանցիներուն կողմէ հայ զինուորներու խոշտանգումներուն վերաբերեալ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/06/2026, 10:18