Իսրայէլ յարձակում գործեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ
Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ ետք յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Օդուժին կողմէ արձակուած 3 հրթիռներ Հարաւային արուարձաններու շրջանին մէջ 2 յարկաբաժիններ թիրախաւորեցին»:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյց մը, թիրախաւորած է: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը, մէջբերելով զինուորական աղբիւր մը, հաղորդեց. «Հետախուզական ցուցմունքներուն հետեւելով օդուժը Հարաւային արուարձաններուն մէջ յարձակում գործեց բարձր արժէք ունեցող թիրախի մը վրայ»: Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց, որ յարձակումը վայրին հետ կապ ունի, եւ ոչ թէ` թիրախի բնոյթին:
Աղբիւրներ «Հատաս»-ին յայտնեցին. «Թել Աւիւ Ուաշինկթընը նախապէս տեղեակ պահեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն հասցուած հարուածէն»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց. «Իսրայէլեան բանակը Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի ցուցմունքով գործեց յարձակումներ, որոնք թիրախաւորեցին Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլային պատկանող ղեկավարական կեդրոն մը` հակադարձելով իսրայէլեան հողերուն ուղղութեամբ հրթիռարձակման»:
Յարձակումէն անմիջապէս ետք մեծաթիւ բնակիչներ հեռացան Հարաւային արուարձաններէն:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.