Որոնել

Ուաշինկթըն Ուաշինկթըն 

Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկեան հովանաւորութեամբ Լիբանան-Իսրայէլ ուղղակի բանակցութիւններու 5-րդ փուլ

Ուաշինկթընի մէջ, ամերիկեան հովանաւորութեամբ, ընթացք առած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ եռօրեայ բանակցութիւններու 5-րդ փուլը, որուն ծիրէն ներս կը քննարկուին զինուորական ու քաղաքական հարցեր, ներառեալ՝ գերիներու եւ աճիւններու փոխանակման թղթածրարը։ Իսրայէլեան կողմը կարեւորած է այս հանդիպումները՝ շեշտելով Հըզպալլայի զինաթափման ու իրանեան միջամտութեան հեռացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ առաջարկած է հարաւային Լիբանանէն զօրքերու աստիճանական հեռացման ծրագիր՝ լիբանանեան բանակի տեղակայման դիմաց։

Երէկ կէսօրէ ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ բանակցութիւններու 5-րդ փուլը, որ կ՛երկարի երեք օրերու վրայ:

Երէկ տեղի ունեցան քաղաքական եւ զինուորական միացեալ բանակցութիւններ` դեսպան Սիմոն Քարամի նախագահութեամբ լիբանանեան զինուորական եւ քաղաքական պատուիրակութեամբ:

Այսօր Փենթակոնի մէջ դարձեալ ամերիկեան հովանաւորութեամբ պիտի կատարուին զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ, իսկ վերջին նիստը պիտի գումարուի երրորդ օրը` դարձեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը բանակցութիւններու մեկնարկէն առաջ հաղորդեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ քաղաքական բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկուի իսրայէլացի օդաչու Ռոն Արատի աճիւնները լիբանանցի գերիներու հետ փոխանակելու թղթածրարը»: Արատ 16 հոկտեմբեր 1986-էն ի վեր անհետ կորսուած է: Անոր օդանաւը վար առնուած էր պաղեստինցի զինեալներու վրայ յարձակում կատարելու ընթացքին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի բանակցութիւնները կարեւոր են, եւ Հըզպալլայի զինաթափումը մեր փոխադարձ շահերուն համահունչ է»:

Իսրայէլեան աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց. «Թել Աւիւ հետաքրքրուած է Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն ընթացքին լուծումներ գտնելով, որոնք Լիբանանի զարգացումներէն իրանեան միջամտութիւնը կը հեռացնեն»:

«Մեր պատուիրակութիւնը լիբանանեան բանակի տեղակայման դիմաց հարաւային Լիբանանի որոշ մասերէ աստիճանական հեռացման ծրագիր պիտի առաջարկէ», ըսաւ աղբիւրը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/06/2026, 09:01