Որոնել

SCATTIDELGIORNO: Powerful earthquakes strike Venezuela

Վենեզուելայի մէջ․ արտակարգ դրութիւն՝ երկու կործանարար երկրաշարժներէ ետք

Կառավարութիւնը երկրին մէջ յայտարարած է արտակարգ դրութիւն՝ փրկարարական աշխատանքները կեդրոնացնելով յատկապէս Լա Կուայրայի (La Guaira) նահանգին մէջ, որ աղէտէն ամենէն շատ տուժած շրջանն է։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիւզ -  Հայկական Բաժանմունք

7,2 եւ 7,5 ուժգնութեամբ երկու հզօր երկրաշարժներ հարուածած են Վենեզուելայի հիւսիս-արեւմուտքը՝ պատճառելով առնուազն 32 զոհ եւ մօտ 700 վիրաւոր։

Կառավարութիւնը երկրին մէջ յայտարարած է արտակարգ դրութիւն՝ փրկարարական աշխատանքները կեդրոնացնելով յատկապէս Լա Կուայրայի (La Guaira) նահանգին մէջ, որ աղէտէն ամենէն շատ տուժած շրջանն է։

Տասնեակ շէնքեր փլուզուած են, եւ արտակարգ իրավիճակներու խումբերը կը շարունակեն փլատակներուն տակէն փնտռել վերապրողներ։

Զգալի վնասներ արձանագրուած են նաեւ մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ, իսկ յաջորդական բազմաթիւ յետցնցումները բնակչութեան մօտ բարձր պահած են տագնապն ու լարուածութիւնը։

Միջազգային համայնքը արագօրէն առաջարկած է իր աջակցութիւնը՝ տարբեր երկիրներու կողմէ մարդասիրական օգնութիւն եւ փրկարարական խումբեր ուղարկելով։

Այս բնական աղէտը կու գայ այնպիսի ժամանակի մը մէջ ուր Վենեզուելան արդէն կ՜ապրի տնտեսական մեծ դժուարութիւններ, եւ կը գտնուի ելեւմտական խոր ճգնաժամի եւ պետական պարտքի ծանր վերակառուցման գործընթացի մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/06/2026, 08:59