Թրամփ. «Շահագրգիռ բոլոր կողմերը համաձայն գտնուեցան վերջնական քննարկումներուն եւ կէտերուն»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ ամերիկեան բանակին հրամայած է Հորմուզի նեղուցին մէջ գաղտնի գործողութիւն մը կատարել, իսկ Հնդկաստան Նիւ Տելհիի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավարը իր մօտ կանչեց Օմանի ծովեզերքին մօտ հնդկական նաւի մը թիրախաւորման եւ անոր անձնակազմի անդամ երեք հնդիկներու անհետ կորսուելուն դէմ բողոք ներկայացնելու համար:
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հնդկական երեք նաւեր ամերիկեան ծովուժին կողմէ յարձակումներու ենթարկուած են:
«Յարձակումի ենթարկուածներէն երկուքը պատժամիջոցներու ենթակայ են, իսկ երրորդը ոչ յանձնառու դասուած նաւերու շարքին է», նշեց նախարարութիւնը:
Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, թէ անցեալ ամիս իր երկրի ուժերուն ցուցմունք տուած է Հորմուզի նեղուցէն անցնող քարիւղատար եւ առեւտրական այլ նաւերուն աջակցելու գաղտնի գործողութիւն մը կատարելու:
Ըստ անոր, այդ ջանքերուն շնորհիւ քարիւղի աւելի քան 100 միլիոն տակառ հասած է միջազգային շուկայ, եւ աւելի քան 200 նաւ ապահով անցած է նեղուցէն:
Թրամփ գործողութեան յաջողութիւնը վերագրեց այն իրողութեան, թէ Միացեալ Նահանգներն են, որոնք Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկեն, եւ ոչ թէ` Իրանը, «որուն բանակը պարտուեցաւ եւ տնտեսութիւնը քայքայուեցաւ»:
Սպիտակ տան ղեկավարը «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ալ յայտնեց. «Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այս գիշեր գործողութիւններու սենեակին մէջ ինծի հեռաձայնեցին եւ իրենց երկրի ռմբակոծման դադրեցումը խնդրեցին»` աւելցնելով, որ կը սպասուի, որ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնները շուտով դադրին:
Թրամփ աւելի ուշ ալ յայտարարեց. «Ոչ հեռու ապագայի որոշ պահուն պիտի գրաւենք Խարժ կղզին եւ քարիւղի այլ ենթակառոյցներու վայրեր, եւ ամբողջական վերահսկողութեան տակ պիտի առնենք անոնց քարիւղի եւ կազի շուկաները»:
«Այս գիշեր շատ ուժեղ կերպով Իրանը պիտի ռմբակոծենք», յայտարարեց ան:
Աւելի ուշ Թրամփ յայտարարեց, թէ երէկ երեկոյեան նախատեսուած հարուածները ջնջած է:
«Շահագրգիռ բոլոր կողմերը համաձայն գտնուեցան վերջնական քննարկումներուն եւ կէտերուն, եւ Իրանի հետ համաձայնութեան ստորագրման վայրն ու թուականը շուտով պիտի յայտարարուին», նշեց Թրամփ:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Թրամփի իրանցի պաշտօնատարներու իրեն հեռաձայնելու սուտ պնդումը մեր դէմ պատերազմէն փախուստ տալու ծածկոյթ է»:
Իրանեան լաւատեղեակ աղբիւր մըն ալ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Թրամփի հետ որեւէ հաղորդակցութիւն տեղի չունեցաւ, եւ յարձակումներուն զինուորական գետնի վրայ պիտի հակադարձենք»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի մէջ թիրախներու դէմ ուժեղ հարուածներ պիտի հասցնէ` նշելով, որ սպասուող յարձակումներուն նպատակը զինուորական ու դիւանագիտական դիրքերու ամրապնդումն է եւ Թեհրանը համաձայնութիւնը ընդունելու մղելը:
Ան ըսաւ, որ Թրամփ Իրանին առիթ ընծայած է գործարքի հասնելու, սակայն պատրաստ է զինուորական ընտրանքներ որդեգրելու, եթէ Թեհրան մերժէ ընդառաջել` աւելցնելով, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը պատրաստ է նախագահին հրամանով նոր յարձակումներ գործելու, եթէ «ժամանակի վատնումը» շարունակուի:
Հեկսեթ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կարող են աւելի մեծ տարողութեամբ ազդել Իրանի մէջ կացութեան, քան Թեհրան կարող է:
Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ յարձակումներուն նպատակը Թեհրանին վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի ստորագրէ համաձայնութիւնը, սակայն ատիկա կրնայ մագլցումի յանգեցնել:
Իրանի կառավարութեան բանբեր Ֆաթմէ Մոհաժերանի յայտնեց, որ ենթակառոյցներուն սպառնալը մարդոց կեանքերուն սպառնալ է` աւելցնելով, որ Իրանի հակադարձութիւնը այն է, որ շարունակ ընտրած է գիտութիւնը, ջանքը եւ ազգային միասնականութիւնը:
«Իրան պիտի շարունակէ հզօր մնալ` յենելով իր զաւակներու ուժին վրայ», աւելցուց ան:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը երէկ արշալոյսին յայտարարեց, թէ իր ուժերը աւարտած են Իրանի մէջ զինուորական հարուածներու շարք մը, իսկ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, թէ Հորմուզի նեղուցին մէջ երկու նաւեր հարուածած է, ինչպէս նաեւ «շրջանին մէջ ամերիկեան բանակին պատկանող 18 կարեւոր թիրախներ»:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ իր շղթայազերծած յարձակումները հակադարձութիւն են «իրանեան շարունակուող եւ անարդարանալի յարձակումին»` նշելով, որ ամերիկեան ուժերը տակաւին «զգօն եւ բարձր պատրաստութեան վիճակի մէջ են` անհրաժեշտութեան պարագային վճռական հարուածներ հասցնելու շարունակուող կարողութեամբ»:
Հրամանատարութիւնը ըսաւ, որ թիրախահար զէնքերով հարուածած է իրանեան դիրքեր, որոնք ամերիկեան ուժերուն եւ առեւտրական նաւարկումին ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնէին` աւելցնելով, որ հարուածուած են իրանեան զինուորական հսկողութեան կարողութիւնները, հաղորդակցութեան համակարգերը, ինչպէս նաեւ Իրանի տարբեր շրջաններուն մէջ օդային պաշտպանութեան համակարգերու դիրքեր:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ գործած է «ինքնապաշտպանութեան» նպատակով յաւելեալ յարձակումներ, որոնք իրանեան հողերուն մէջ շարք մը դիրքեր թիրախաւորած են:
Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնի ղեկավար Ալի Ապտելլահի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինեալ ուժերը պատրաստուածութեան, զգօնութեան ու հետախուզական տեղեկացուածութեան բարձրագոյն մակարդակի վրայ են եւ վճռականօրէն պիտի արձագանգեն երկրի անվտանգութեան, անկախութեան կամ տարածքային ամբողջականութեան ուղղուած որեւէ սպառնալիքի` արդիւնաւէտ եւ ցաւոտ գործողութիւններու միջոցով, որոնք նախայարձակին պիտի ստիպեն զղջալ իր գործողութիւններուն համար»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց «անցեալ գիշեր Իրանի վրայ լայնածաւալ յարձակումի ընթացքին ամերիկեան ահաբեկչական վարչակարգի ոճիրները»:
«Յարձակումները զինադադարը գործնականին մէջ անօգուտ դարձուցին», ընդգծեց նախարարութիւնը:
«Ամերիկեան բանակի շրջանի պետութիւններու հողերն ու կարելիութիւնները մեր վրայ իր յարձակումներուն համար օգտագործել շարունակելը այդ պետութիւնները կը զետեղէ նախայարձակներու դասին մէջ», զգուշացուց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Թագաւորութիւնը կոչ կ՛ուղղէ շարունակելու Փաքիստանի կողմէ հովանաւորուող բանակցութիւնները եւ Քաթարի կողմէ ձեռնարկուած ուղեկցող ջանքերը»:
Դիւանագիտական աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Փաքիստանն ու Քաթարը տակաւին ներգրաւուած են Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ միջնորդական ջանքերուն մէջ, եւ կը գնահատենք այս առնչութեամբ Քաթարի դերը»:
«Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ Փաքիստանի ճամբով դիւանագիտական խողովակները բաց էին եւ կը շարունակեն բաց մնալ», յայտարարեց նախարարութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.