Որոնել

Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ- Իրան բանակցութիւններ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ- Իրան բանակցութիւններ  (ANSA)

Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ- Իրան բանակցութիւններ

Լիբանանի վրայ Իսրայէլի շարունակուող յարձակումներուն ի պատասխան՝ Իրան յայտարարած է Հորմուզի նեղուցի փակման մասին, ինչ որ կրնայ վտանգել Զուիցերիոյ մէջ ընթացող ամերիկա-իրանեան խաղաղութեան բանակցութիւնները։

Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը յայտարարեց. «Իրան կը փակէ Հորմուզի նեղուցը` ի պատասխան Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումին»:

«Ասիկա համաձայնագիրի խախտման առաջին պատասխան քայլն է: Եթէ յարձակումը շարունակուի, պիտի ծրագրաւորուին եւ իրականացուին լրացուցիչ քայլեր», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնած են. «Բանակցութիւններուն մէջ ներկայիս փշոտ գլխաւոր հարցը Լիբանանն է»:

Աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին նշեցին. «Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ Նեթանիահուին կոչ ուղղեցին` Լիբանանի վրայ յարձակումները դադրեցնելու, որպէսզի Իրան բանակցութիւններէն իր հեռանալը չարդարացնէ»:

Ամերիկեան հետախուզական գործակալութիւնը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի յարձակումները կրնան Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւնը վտանգել»:

Միւս կողմէ, երէկ Զուիցերիոյ Պիւրկենսթոք հանգստեան վայրին մէջ ընթացք առին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ «Լուսերնի լիճի վեհաժողով»-ի բանակցութիւնները` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Փաքիստանի եւ Քաթարի: Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ վերջնական համաձայնութեան հասնելու բանակցութիւններուն կողքին քննարկման գլխաւոր նիւթ էր լիբանանեան թղթածրարը:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ գումարուած է Միացեալ Նահանգներու, Իրանի եւ Քաթարի մասնակցութեամբ եռակողմ ժողով մը` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ համապարփակ զինադադարը եւ իրանեան սառեցուած դրամատնային հաշիւներու թղթածրարը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ վերջնական համաձայնութեան յօդուածներուն շուրջ բանակցելու համար թեքնիք խմբակներ կազմուած են, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն ստորագրած փոխըմբռնման յուշագիրի գործադրութեան հսկողութեան խմբակներ ստեղծուած են:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան պատուիրակութիւնը մերժած է ամերիկեան պատուիրակութեան հետ ձեռք սեղմումի եւ միացեալ լուսանկարի արարողութեան մասնակցիլ:

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտնեց, որ ժողովին մասնակիցները «համաշխարհային խաղաղութեան համար մեծ օրուան ականատես կը դառնան»` նշելով, որ դիւանագիտական աշխուժ ջանքերը յանգած են Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ուղղակի ժողովի գումարման` նշելով, որ ժողովին մասնակիցները կրնան «խաղաղութեան համար փաստաթուղթով մը վերադառնալ»:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ յառաջընթաց կը նկատենք: Այդտեղ կացութիւնը որոշ չափով բարդ է, սակայն յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»:

Վանս նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յանձնառու է շրջանային համապարփակ զինադադարի գոյացման, եւ բոլորը, ներառեալ Իսրայէլը ատիկա գիտեն:

Ան ըսաւ, որ ներկայ բանակցութիւնները «թեքնիք բանակցութիւններու սկիզբ են»` նշելով, որ անոնք «բոլոր տարակարծութիւնները պիտի չլուծեն, սակայն առիթ են, որովհետեւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով միասին կը նստինք»:

Մինչ այդ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր հարաւային Լիբանան այցելելով յայտնած է, որ հիւսիսային ճակատին վրայ կռիւի վերադառնալու ամբողջական պատրաստուածութիւն գոյութիւն ունի:

Ան ըսաւ, որ յայտարարուած զինադադարը «չափազանց փխրուն է»` շեշտելով, որ իսրայէլեան բանակը առաւելագոյն չափով կը պատրաստուի յարձակողական գործութիւններու վերականգնման:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/06/2026, 11:17