Հայաստանի Թենիսի կանանց հաւաքականը յաղթեց Ատրպէյճանին
Հայաստանի թենիսի կանանց հաւաքականը յաջողութեամբ սկսաւ «Պիլի Ճին Քինկ» բաժակի մրցաշարքը: Սան Մարինոյի մէջ տեղի ունեցող 3րդ խմբակի առաջին հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ տարաւ Ատրպէյճանի դէմ:
Անհատական մրցումներուն, Հայաստանի ազգային խումբին յաղթանակներ պարգեւեցին Անի Ամիրաղեան եւ Էլինա Աւանէսեան:
Զոյգերու մրցումին, Մարիա Ազիզեան եւ Ալինա Սողոմոնեան ամրապնդեցին Հայաստանի հաւաքականին յաջողութիւնը` յաղթելով 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով:
Միւս կողմէ, Տղոց «Տէյվիս Քափ»-ի եւրոպական գօտիի Դ. խմբակին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սան Մարինոն:
Հայաստանի առաջին կէտը ձեռք ձգեց Դաւիթ Պօղոսեան, որ 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լէոնարտօ Պարթոլեթթին:
Բ. հանգրուանի գծով այս ճակատումի երկրորդ մրցումին, Աւետիք Ղազարեան 4-6 եւ 6-2 արդիւնքով հաւասարած էր իր մրցակիցին` Ֆիլիփօ Թոմեզանիին հետ, բայց երրորդ սեթին սկիզբը վիրաւորուելէ ետք կիսատ ձգեց մրցումը` յաղթանակը նուիրելով Սան Մարինոյի իր մրցակիցին:
Ճակատումը վճռեց զոյգերու մրցումը, ուր Սամուէլ Աղայեան եւ Միքայէլ Աւանէսեան 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեցին Թոմեզանի-Վանուչի զոյգին:
Նշենք, որ Հայաստան առաջին հանգրուանի իր մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Անտորրային:
Հայաստանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Իսլանտան:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.