Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի դրօշակները Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի դրօշակները  (ANSA)

Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրը նախաստորագրուեցաւ.

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած է խաղաղութեան համաձայնութիւն, որ կը նախատեսէ բոլոր ճակատներու վրայ զինուորական գործողութիւններու անմիջական դադրեցում եւ Հորմուզի նեղուցի բացում, իսկ պաշտօնական ստորագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ օր Զուիցերիոյ մէջ։ Թէեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ այս քայլը շրջանին խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն պիտի բերէ, ամերիկացի պաշտօնատարները կը շեշտեն, որ ատիկա հոլովոյթի մը սկիզբն է միայն, եւ սառեցուած գումարներու վերադարձը կախեալ պիտի ըլլայ

Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի սկիզբէն 108 օր ետք, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ համաձայնութեան ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 21 յունիսին, Զուիցերիոյ մէջ:

Ան կիրակի-երկուշաբթի ուշ գիշերին «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, թէ երկու կողմերը բոլոր ճակատներու, ներառեալ Լիբանանի մէջ գործողութիւններու անմիջական եւ տեւական դադրեցում կը յայտարարեն:

«Համաձայնութիւնը ուժի մէջ մտնելէն ետք միջնորդները աշխատանք պիտի տանին այս շաբաթ շարք մը ժողովներ դիւրացնելու», յայտնեց Շարիֆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանի հետ մեծ համաձայնութիւնը ամբողջ շրջանին խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն պիտի բերէ»:

«Շարք մը նախագահներ փորձեցին Իրանի հետ խաղաղութիւն հաստատել, սակայն ինձմէ առաջ բոլորն ալ ձախողեցան: Շրջանի ղեկավարները առաջին անգամ ըլլալով գտան նախագահ մը, որ կրնայ իսկական խաղաղութեան հաստատման մէջ իրենց օգնել», ըսաւ ան:

Փաստաթուղթին ծանօթացած պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ անիկա բոլոր ճակատներուն, ներառեալ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցում եւ Հորմուզի նեղուցի անմիջապէս բացում կը պարտադրէ:

Պաշտօնատարները ըսած են, որ Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս պիտի սկսին իրանեան նաւահանգիստներու շրջափակումը վերցնել, Իրանի` Հորմուզի նեղուցին մէջ իր զետեղած ականներու վերացման դիմաց:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ամերիկացի պաշտօնատարները մտահոգուած են, որ կիրակի կանուխ ժամերուն Իրանի հետ համաձայնութիւնը կրնայ տապալիլ Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով: Այդ յարձակումները պատճառ դարձած են, որ քուլիսներու ետին արագ քայլեր կատարուին` պահպանելու համար համաձայնութիւնը եւ Թեհրանի պաշտօնական հաւանութիւնը ստանալու համար:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին հերքեց իրանեան պնդումները, թէ  60-օրեայ բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ Իրան առանց նախապայմանի իր սառեցուած գումարներէն 12 միլիառ տոլար պիտի ստանայ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը կայքին ըսաւ, որ Թեհրանի հետ համաձայնութիւնը հիմնուած է վարմունքի եւ համաձայնութեան փոխադարձ յարգումի դիմաց վճարում սկզբունքին վրայ, եւ որեւէ սառեցուած գումար պիտի չապասառեցուի, առանց որ իրանցիները իրենց խոստումները յարգեն:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնած են, որ համաձայնութիւնը հոլովոյթ մըն է, որ վերջաւորութեան իրանեան հիւլէական ծրագիրի կազմաքանդման պիտի առաջնորդէ:

Դիւանագէտ մը օրաթերթին աւելցուցած է. «Մեծագոյն սխալը կարծելն է, թէ ասիկա վերջնական համաձայնութիւն է»:

Ան շեշտած է, որ խօսքը երբեք Իրանի «ամբողջական անձնատուութեան» մասին չէ եղած, եւ Ուաշինկթըն ատոր կը գիտակցի:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է իր եգիպտացի, իրաքցի եւ թուրք պաշտօնակիցներուն եւ գնահատած անոնց ջանքերը:

Արաղչի իր զրոյցներուն ընթացքին նշած է համաձայնութեան գործադրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու պատասխանատուութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի բոլոր յարձակումները դադրին:

Իրանի, Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները նաեւ ընդգծած են շրջանային զարգացումներուն շուրջ խորհրդակցութիւնն ու սերտ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման համար դիւանագիտական ջանքերը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ յայտարարեց. «Համակարգումէ ետք որոշեցինք Ամերիկայի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրել յառաջիկայ ուրբաթ օր»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/06/2026, 11:00