Որոնել

Մեսրոպեան վարժարանը պատուուեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ Մեսրոպեան վարժարանը պատուուեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ 

Մեսրոպեան վարժարանը պատուուեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ

Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի հովանաւորութեամբ, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ գնահատանքի հանդիսութեամբ նշուեցաւ «Քաղաքացիական Դաստիարակութեան Դպրոց» ծրագիրի առաջին տարեշրջանի յաջող աւարտը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը։ Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած 150 դպրոցներու պատասխանատուները պարգեւատրուեցան յուշամետալներով, իսկ յառաջիկայ տարեշրջանին մասնակից դպրոցներու թիւը պիտի հասնի 300-ի։
Ունկնդրէ լուրը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի, 18 Յունիս 2026-ին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի հաւաք-հանդիսութիւն մը, նշելու համար «Քաղաքացիական Դաստիարակութեան Դպրոց» (School of Citizenship) համալիբանանեան ծրագիրի առաջին տարեշրջանի յաջող աւարտը։

Լիբանանի բոլոր շրջաններէն 150 պետական եւ մասնաւոր վարժարաններու շարքին, ծրագիրին իր աշխոյժ եւ նախանձախնդիր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը։ Հանդիսութեան ներկայ էր Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ։ Մասնակից 150 դպրոցներու փաղանգին մէջ իրենց պատուաբեր տեղը գրաւած էին լիբանանահայ 5 վարժարաններ։

Հանդիպումը ունէր նաեւ արժեւորման բնոյթ։ Մասնակից դպրոցներու տնօրէններն ու պատասխանատուները ամփոփեցին տարուան ընթացքին արձանագրուած նուաճումները, որոնք միտուած էին աշակերտներու մօտ քաղաքացիական գիտակցութեան, ժողովրդավարական արժէքներու եւ համակեցութեան սկզբունքներու արմատաւորման։ Ծրագիրը նախաձեռնող Առաջին տիկինը եւ մասնակիցները վերահաստատեցին իրենց կամքն ու պատրաստակամութիւնը՝ յառաջիկայ տարեշրջաններուն եւս նոյն թափով շարունակելու եւ ընդլայնելու այս կենսական նախաձեռնութիւնը։ Յառաջիկայ տարի, մասնակից դպրոցներու թիւը պիտի բարձրանայ 300-ի։

Հանդիսութեան աւարտին, առ ի գնահատանք ներդրած մեծ ջանքերուն, մասնակից վարժարաններու տնօրէնները պարգեւատրուեցան սոյն առիթին համար յատուկ պատրաստուած յուշամետալներով, յատկապէս ընդգծելու համար դպրոցներու ցուցաբերած տոկունութիւնը՝ ի հեճուկս երկրի ապրած դժուարին պայմաններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/06/2026, 09:45