2023.03.16 San Gregorio Illuminatore

Ձօն «Լուսաւորչի Կանթեղ» աշակերտներու համայնքին. «Մեզ Լոյսի որդիներ դարձուր» - Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան

17 յուլիս 1999-ին Լիբանանի մէջ Հայ եկեղեցիի հաւատացեալներէն խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ պատասխանեցին Աստուծոյ ծառայելու կոչումին, եւ այդ օրէն սկսեալ մինչեւ այսօր, 27 տարիէ ի վեր, իրենք զիրենք Լուսաւորչի կանթեղէն վառուած ճրագ մը նկատելով` կ՛ապրին քրիստոսակեդրոն վկայութեան անհատական ու համայնական ուրոյն կեանք մը, որ առաքելութեան, աղօթքի, սիրոյ, զօրակցութեան, ծառայութեան եւ աւետարանչութեան անքակտելի օղակներով ագուցուած շղթայ մըն է

Հայ ազգի հոգիներու լուսաւորիչին` Ս. Գրիգոր հայրապետի Խոր Վիրապէն ելքի տօնը լուսարձակի տակ կը բերեմ այսօր, Հայաստանէն նոր վերադարձած եւ ուխտաւորաբար Խոր Վիրապ գտնուելէս քանի մը օր յետոյ, Յիսուսի «Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 5.14) խօսքին լուսասփիւռ ճառագայթումով:

Յիսուսի արտասանած «Ես եմ» հաստատումներէն մէկուն մէջ կը կարդանք. «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ո՛վ որ ինծի կը հետեւի, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ՛առաջնորդէ» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 8.12):

«Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը» եւ «Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը» իրարու կը կապուին, առաջինը` որպէս անխախտ խարիսխ հաստատողին, եւ երկրորդը որպէս երկնատուր հրաւէր` ուղղողին հանդէպ մեր ցուցաբերած կենսակերպով:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ բոլոր սուրբերն ու սրբուհիները մեր նման հօրմէ եւ մօրմէ կը ծնին, սակայն Աստուծոյ շնորհներով զարդարուած` Աստուծոյ կը վերադառնան սրբութեան փառապսակով անմահացած եւ մեր ներշնչումի տիպարը դարձած: Անոնք իրենց անձէն անդին ու վեր ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ Եկեղեցիին` հաւատացեալներուս համար եւ մէջ` մեր հաւաքական կեանքի առուին մէջ աստուածանուէր սիրոյ կեանքը աղբերելով:

Հայ եկեղեցիի արեւագալի ժամերգութեան աղօթքին ի պատասխան Լոյս-Աստուծոյ որդիները դառնալու մեր պատրաստակամութիւնը առաւել խորացնելու համար` անդրադառնանք վերեւի աւետարանական երկու մէջբերումներուն յաջորդող համարներուն պարզած մարտահրաւէրներուն: Առաջինը Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 8.13-ն է. «Փարիսեցիները ըսին [Յիսուսի]. Դուն ես քու անձիդ մասին վկայութիւն տուողը, հետեւաբար այդ վկայութիւնը ընդունելի չէ». սա մարդկային նեղմիտ դիտակէտ մըն է, որ աստուածային ճշմարտութեան լոյսին ողողումէն կը շիջի: Երկրորդը Աւետարան ըստ Մատթէոսի 5.15-16-ն է. «Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի տունին մէջ գտնուողներուն լոյս տայ: Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է». սա աշխարհի լոյսը ըլլալու նախապայմանը կ՛ընդգծէ` մեր լուսաբաշխ շողարձակումը Աստուծոյ փառքին լուսացնցուղ տարածումին ծառայեցնելու կոչումը շեշտադրելով: Ի՜նչ գեղեցիկ կը հնչէ իմաստալից խօսքը. «Փոխանակ խաւարը անիծելու` մոմ մը վառէ»: Խօսք, որ գոյութենական իմաստ ունի Լիբանանի մէջ, երբ յաճախ ելեկտրական հոսանքը կ՛անջատուի, եւ խաւարը կը պատէ, մինչ մենք զանազան միջոցներու կը դիմենք զայն փարատելու ու վերալուսաւորուելու համար: Որքա՜ն աւելիով կը ճշմարտուի այս երեւոյթը հոգիի, մտքի եւ սրտի մշտագոյ լոյսին ձգտող հայ քրիստոնեային պարագային…

Հայ քրիստոնեայ հաւատացեալներ Հայոց պատմութեան մշտահունչ ձայնի արձագանգներուն ունկնդրութեամբ կ՛ապրին իրենց կեանքը, ուր երեք լուսաճաճանչ դէմքեր միշտ անստուեր լոյս կը սփռեն.

Ս. Գրիգոր հայրապետ` հոգիներու լուսաւորիչ, որ Լոյս-Քրիստոսով հայ հոգիները յաւիտենական լոյսի ուխտաւոր դարձուց,

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց` միտքերու լուսաւորիչ, որ հայ գիրերու գիւտով, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեամբ եւ հայ դպրութեան ու մշակոյթի ծաղկումով իմացական Լոյսի ըմպումը պարգեւեց մեզի,

Ս. Ներսէս հայրապետ` սիրտերու լուսաւորիչ, որ քրիստոնէական մարդասիրութիւնը շօշափելի զգեստաւորումով լուսազարդեց` բարեգործութեան գիտակցութիւնը ցանելով մեր մէջ:

Այս լուսացան առաքինութիւնները մեր առաջին լուսաւորիչներու` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու, Հայաստանի մէջ քարոզութեամբ եւ նահատակութեամբ սերմանուեցան եւ առաջին դարէն մինչեւ այսօր կը պտղաբերեն մեր Լոյս-հաւատքի լուսերամ ախոյեաններուն աղօթքովը, նուիրումովն ու կենդանի օրինակովը: Երբ մեր հոգին, միտքը եւ սիրտը լուսաւոր են, կը գիտակցինք, որ մեր բովանդակ կեանքը սարդոստայնի նման միահիւսուած է` լուսաճեմ կեանքի ուխտաւորներու պարագրումով:

Մեր Արարիչին ուղղուած «Մեզ լոյսի որդիներ դարձուր» խնդրանքը մեզ կը տանի մեր մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներուն, ուր լոյսին փառաբանութիւնը կը գովերգուի, թէ՛ աղօթքին արտասանութեամբ եւ թէ՛ մեր ճակատին, աչքերուն, ականջներուն, քիթին, բերանին, ձեռքերուն, սրտին, կռնակին եւ ոտքերուն սրբալոյս միւռոնի օծումով: Ահաւասիկ  քանի մը մէջբերումներ. «Քրիստոս Աստուած, քու արարածներդ լուսաւորեցիր` աստուածգիտութեան լոյսը մեր մէջ ծագելով. ազատեցիր, սրբեցիր եւ արդարացուցիր: … Քու ճշմարտութեանդ գիտութիւնը շնորհեցիր … եւ իշխանութիւն տուիր ջուրէն եւ Հոգիէն վերստին ծնելով Աստուծոյ որդիներ դառնալու» (Աղօթք): «Այս կնիքը Յիսուս Քրիստոսի անունով լուսաւորէ՛ աչքերդ, որպէսզի երբեք մահուամբ չննջես: … Այս աստուածային կնիքը մաքո՛ւր սիրտ հաստատէ եւ արդար հոգի նորոգէ ներսդ» (Դրոշմ): Այսպիսով, Հայ եկեղեցիին միջոցով մեր փոքր տարիքէն իսկ հոգիի, մտքի եւ սրտի լուսաւորութեան շնորհը կը պարգեւէ Աստուած մեզի: Այս շնորհընկալումին վկան է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետ, որ իր «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքին 21-րդ տունին մէջ կ՛աղերսէ. «Դուն` ճշմարիտ լո՛յս, Քրիստոս, շնորհէ՛ հոգիիս, որ կանչուելու օրը ուրախութեամբ տեսնէ քու փառքիդ լոյսը եւ արդարներու օթեւանին մէջ բարիքներու յոյսովը հանգչի` մինչեւ քու մեծ գալստեանդ օրը. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի` բազմամեղիս»:

Այս բոլորէն ետք մեզի կը մնայ միայն անհաւատութեան խաւարէն քրիստոնէութեան լոյսին դառնալ եւ Թովմաս առաքեալին նման Յիսուսի դիմելով` բացագանչել. «Տէրս եւ Աստուածս» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 21.28), ականջալուր Յիսուսի խօսքին. «Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց, որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 21.29):

 * * *

Հոգեւոր խորհրդատու «Լուսաւորչի կանթեղ»-ի

17 յուլիս 1999-ին Լիբանանի մէջ Հայ եկեղեցիի հաւատացեալներէն խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ պատասխանեցին Աստուծոյ ծառայելու կոչումին, եւ այդ օրէն սկսեալ մինչեւ այսօր, 27 տարիէ ի վեր, իրենք զիրենք Լուսաւորչի կանթեղէն վառուած ճրագ մը նկատելով` կ՛ապրին քրիստոսակեդրոն վկայութեան անհատական ու համայնական ուրոյն կեանք մը, որ առաքելութեան, աղօթքի, սիրոյ, զօրակցութեան, ծառայութեան եւ աւետարանչութեան անքակտելի օղակներով ագուցուած շղթայ մըն է: Հոս տեղին է փոխ առնել Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներու դատավարութեան ընթացքին փարիսեցի Օրէնքի ուսուցիչ Գամաղիէլի վճռական խօսքը. «Եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է, պիտի խափանուի. իսկ եթէ Աստուծմէ է, չէք կրնար խափանել, եւ թերեւս այդ ձեւով Աստուծոյ դէմ պայքարած կ՛ըլլաք» (Առաքեալներու գործերը 5.38-39): «Մեզ լոյսի որդիներ դարձուր» խնդրանքն ու «Տէրս եւ Աստուածս» բացագանչութիւնը` որպէս հայ քրիստոնէական կենցաղավարութեան որդեգրելի տիպար հրաւէր մը, «Լուսաւորչի կանթեղ» համայնքէն կը հասնի մեզի եւ բոլորս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աշակերտները կը դարձնէ` սաղմոսերգուին հետ լոյսի ճանապարհորդութեան նախաձեռնելու, յայտարարելով. «Ամբողջ կեանքիս ընթացքին պիտի օրհնաբանեմ Քեզ, եւ ձեռքերս աղօթքով դէպի Քեզ բարձրացնեմ» (Սաղմոս 63.4):

Եւ երբ այսպէ՛ս ընենք, մենք եւս Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հետ պիտի հաստատենք. «Ամենօրհնեալ Որդի կենդանի Աստուծոյ, ահաւոր Հօրդ` անքնին ծնունդ… քու փառքիդ ողորմութեան անստուեր նշոյլը երբ ծագի… խաւարը կը փախչի, մէգը կը հեռանայ, մառախուղը կը ցրուի, մռայլը կը փարատի, աղջամուղջը կը սպառի, մութը կը վերանայ, գիշերը կը մեկնի… եւ կը թագաւորէ Քու ամենակար ձեռքդ, ո՜վ քաւիչ բոլորին» (Մատեան ողբերգութեան, Բան 41, Ա), եւ շարականագիրին հետ պիտի դիմենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բարեխօսութեան` հայցելով. «Դուն, որ խաւարի մէջ մոլորածներուս ճշմարիտ աստուածգիտութեան լոյսի դուռը բացիր եւ մեզ յաւիտենական կեանքին ժառանգորդ ըլլալու արժանի ըրիր, քու ժողովուրդիդ համար Տիրոջմէ քաւութիւն խնդրէ» (Շարական` նուիրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի):

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/06/2026, 09:10