2926.06.05 Concerto dedicato a San Ignazio Maloyan

Փարիզի մէջ աղօթքի եւ երաժշտական հանդիսաւոր երեկոյ մը՝ նուիրուած Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին

Երեկոյի աւարտին Գերպծ.Մուրատեան իր փակման խօսքին մէջ գոհութիւն յայտնեց ամենակալ Աստուծոյ, Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին, ապա երախտագիտութիւն արտայայտեց թեմակալ առաջնորդին, հոգեւոր դասին, երգչախումբերուն, արուեստագէտներուն, կամաւորներուն, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով ու ծառայութեամբ նպաստեցին ձեռնարկին յաջողութեան։ Ան շեշտեց, որ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի հաւատքի, քաջութեան եւ նահատակութեան վկայութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ ներշնչել հաւատացեալները՝ ապրելո

Ուրբաթ, 15 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Փարիզի Սուրբ Խաչ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի եւ երաժշտական հանդիսաւոր ու յիշարժան երեկոյ մը՝ նուիրուած Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին պայծառ յիշատակին։ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հոգեւոր-մշակութային ձեռնարկը համախմբեց մեծաթիւ հաւատացեալներ, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորահռչակ Սուրբին։

Երեկոն սկիզբ առաւ Սուրբ Խաչ երգչախումբի անդամ Տիկին Գարոլին Գուրաճեանի սրտաբուխ ողջոյնի խօսքով, որով ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընդգծեց, որ այս հոգեւոր հաւաքը նպատակ ունի մեծարելու Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակը՝ որպէս հաւատքի հերոսական վկայ, անձնուրաց հովիւ եւ Քրիստոսի հաւատարիմ մարտիրոս։ Ան յիշեցուց, որ սուրբին կեանքն ու նահատակութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակեն լուսաւորել հաւատացեալներու կեանքի ուղիները՝ զանոնք մղելով ապրելու սիրոյ, խաղաղութեան, ներողամտութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ անվերապահ վստահութեան ոգիով։ Այնուհետեւ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէներու թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեանը առաջնորդեց հաւաքական աղօթքը եւ ընթերցեց Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսական աղօթքը՝ հանդիսաւոր կերպով ազդարարելով երեկոյի մեկնարկը։

Ծրագրին ընթացքին ներկայացուեցաւ սուրբին կեանքին, նահատակութեան, երանացման եւ սրբադասման մասին վաւերագրական ժապաւէն մը, իսկ ծխական յանձնախումբերու անդամներն ու հաւատացեալները հերթաբար ընթերցեցին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի պատգամներն ու խրատները։ Երաժշտական բաժինը առանձնայատուկ հոգեւոր բարձրացում պարգեւեց ներկաներուն։ Սուրբ Խաչ երգչախումբի եւ հրաւիրեալ արուեստագէտներու բարձրորակ կատարումները, սրբազան շարականներն ու հոգեւոր երգերը խոր յուզում ստեղծեցին եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Յատկապէս մեծ ազդեցութիւն գործեց աշխարհահռչակ սոփրանօ Տիկին Աննա Գասեանի մեկնաբանած «Ave Maria»-ն, որուն ընթացքին բազմաթիւ ներկաներ չկրցան զսպել իրենց յուզմունքը։

Երեկոյի աւարտին Գերպծ.Մուրատեան իր փակման խօսքին մէջ գոհութիւն յայտնեց ամենակալ Աստուծոյ, Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին, ապա երախտագիտութիւն արտայայտեց թեմակալ առաջնորդին, հոգեւոր դասին, երգչախումբերուն, արուեստագէտներուն, կամաւորներուն, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով ու ծառայութեամբ նպաստեցին ձեռնարկին յաջողութեան։ Ան շեշտեց, որ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի հաւատքի, քաջութեան եւ նահատակութեան վկայութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ ներշնչել հաւատացեալները՝ ապրելու Քրիստոսի սիրոյ եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատարմութեան ոգիով։

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Աստուածամօր մատրան օրհնութիւնը։ Արհիապատիւ Տ. Եղիա Եպս. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասը եւ հաւատացեալները հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան դէպի մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ օրհնութեան կարգը։ Մատրան վերանորոգումի աշխատանքներուն իր մեծ աջակցութիւնը բերած էր բարերար Արա Ահարոնեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2026, 07:04