Եգիպտոս-Սէուտական Արաբիա – Թուրքիա – Փաքիստան ժողով
Եգիպտոսը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Փաքիստանը կոչ ուղղեցին` «արագօրէն» հասնելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ վերջնական համաձայնութեան մը, որ նկատի կ՛առնէ շրջանի պետութիւններուն ապահովական մտավախութիւնները, եւ ողջունեցին Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրը, որ գոյացաւ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ, զայն նկատելով լարուածութեան մեղմացման ու շրջանային կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլ մը:
Նշեալ երկիրները այս մասին յայտարարեցին Գահիրէի մէջ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտարի միջեւ խորհրդակցական ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարները շեշտեցին չորս երկիրներուն միջեւ շարունակական խորհրդակցութիւններու եւ համակարգման կարեւորութիւնը` «Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման աջակցութեան համար»` նշելով, որ հանդիպումը կարելիութիւն տուաւ միտքերու խոր փոխանակում կատարելու շրջանային եւ միջազգային զարգացումներու վերաբերեալ:
Յայտարարութեան մէջ բարձր գնահատուած են շրջանային եւ միջազգային ջանքերը, որոնք նպաստած են փոխըմբռնման հասնելուն, մասնաւորաբար գովաբանելով Փաքիստանի կարեւոր դերը Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ կամուրջ կառուցելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Քաթարի կողմէ բանակցութիւններու ընթացքին ցուցաբերուած աջակցութիւնը: Նախարարները նաեւ հաստատած են այս հարցին մէջ Փաքիստանի հետ շարունակական սերտ համակարգումը:
Նախարարները շեշտեցին կարեւորութիւնը «արագ ու յաջող կերպով» Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու յաջորդ փուլին հասնելու` յանգելու համար առկախ հարցերու վերաբերեալ «տեւական լուծումի մը, որ իրագործելի եւ բոլոր կողմերէն ընդունուած»:
Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ որեւէ վերջնական համաձայնութիւն պէտք է նկատի ունենայ շրջանի պետութիւններու մտավախութիւնները, մասնաւորաբար անոնց, որոնք կը վերաբերին Արաբական ծոցի եւ արեւելեան արաբական աշխարհի շրջանի պետութիւններու անվտանգութեան եւ կայունութեան, ինչ որ կ՛ամրապնդէ հաւաքական անվտանգութիւնը եւ երկարատեւ կերպով կ՛ամրապնդէ շրջանային կայունութիւնը:
Ժողովի մասնակիցները հանդիպում ունեցան Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ, որ շեշտեց, թէ շրջանային վերջին զարգացումները ցոյց տուած են չորս պետութիւններու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոնք «շրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան հիմնական հիմնասիւներ են»:
Սիսի կոչ ուղղեց մշակելու քառակողմ խորհրդակցութիւններու մեքանիզմ` զայն դարձնելով «արդիւնաւէտ հաստատութենական շրջանակ», որ կրնայ նպաստել շրջանի ճգնաժամերու համապարփակ եւ կայուն լուծումներու մշակման` գովաբանելով վերջին ամիսներուն Գահիրէի, Ռիատի, Անգարայի եւ Իսլամապատի միջեւ համակարգման մակարդակը:
Ան նաեւ ընդգծեց Եգիպտոսի պատրաստակամութիւնը շարունակելու աշխատանքը չորս երկիրներուն հետ` Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրի իրականացման աջակցելու եւ երկու կողմերու միջեւ բանակցային հոլովոյթի յաջողութիւնը ապահովելու համար:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.