Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն   (ANSA)

Մաքրոն Նեթանիահուին կոչ կ՛ուղղէ` Լիբանանի հարցին մէջ «Պատասխանատուութիւն եւ ողջամտութիւն» ցուցաբերելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղեց Լիբանանի հարցին մէջ ողջամտութիւն ցուցաբերելու՝ շեշտելով, որ հարաւային Լիբանանի վրայ յարձակումն ու հողերու բռնագրաւումը երկար ժամկէտի վրայ կը հակասեն Իսրայէլի ապահովական շահերուն։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է Լիբանանի հարցին մէջ «պատասխանատուութիւն եւ ողջամտութիւն» ցուցաբերէ:

Ան ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի վրայ յարձակումը «երկար ժամկէտի վրայ կը հակասէ Իսրայէլի շահերուն»:

Մաքրոն «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հըզպալլան Իսրայէլի վտանգ կը ներկայացնէ, եւ ասիկա ամբողջովին ճիշդ է, սակայն Իսրայէլի պետութեան ապահովութիւնը կարելի չէ մերձակայ հողեր բռնագրաւելով երաշխաւորել»:

Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանի, Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը «շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն մօտ դժգոհութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրէ»:

Մաքրոն նշեց, որ անգամ մը եւս պիտի ջանայ միջազգային ընտանիքը զօրաշարժի ենթարկել` «լիբանանեան բանակին իր հողերուն վերահսկողութիւնը վերականգնելու օգնելու համար»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/06/2026, 06:00