LEBANON-ISRAEL-IRAN-US-WAR

Իսրայէլեան բանակը վերագրաւեց Շքիֆի Ամրոցը

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին համաձայն, Նեթանիահու եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց քննարկումներու շարք մը կատարելէ ետք հակուած են յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի տարբեր շրջաններու վրայ լայնածաւալ յարձակումներու շղթայազերծման հաւանութիւն տալու, ներառեալ հարիւր հազարաւոր քաղաքայիններու իրենց բնակած վայրերը լքելու զգուշացում յղելու, եւ այս բոլորը` ամերիկեան կողմին հետ համակարգուած կերպով:

Իսրայէլեան բանակը 2000 թուականին Հարաւային Լիբանանէն հեռանալէն 26 տարի ետք վերագրաւեց Նապաթիէի Առնուն շրջանին մէջ գտնուող Շքիֆի ամրոցը, եւ անոր վրայ բարձրացուց Իսրայէլի դրօշը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Հարաւային Լիբանանի Շքիֆի բարձունքներուն եւ Սլուքի հովիտի շրջանին մէջ լայնածաւալ գործողութեան ձեռնարկեցինք:

«Գործողութեան նպատակը հարաւային Լիբանանի վրայ վերահսկողութեան ամրապնդման եւ Գալիլիոյ ու Մթըլլէ գիւղին դէմ ուղղակի սպառնալիքի վերացման ծիրին մէջ զինուորական ենթակառոյցներու քանդումն ու զինեալներու մաքրագործումն է:

«Գործողութիւնը սկսաւ օրեր առաջ: Ցամաքային մեծ ուժեր թիւ 36 զօրախումբի ղեկավարութեամբ եւ զինուորական հետախուզութեան առաջնորդութեամբ ձեռնարկեցին պաշտպանողական առաջնագիծի ընդլայնման համար յարձակողական գործողութեան:

«Մեր ուժերը անցան Լիթանի գետը եւ գետին հիւսիսը Հըզպալլայի դէմ իրենց յարձակումները ընդլայնեցին, մինչ գործողութիւնները ներկայիս յաւելեալ շրջաններու մէջ կ՛ընդլայնուին:

«Մեր ուժերը կը գործեն մերձակայքին մէջ Նապաթիէի, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ուժի գլխաւոր կեդրոններէն մէկը կը նկատուի, եւ անոնք պատրաստ են ըստ կարիքի յարձակումը ընդլայնելու»:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ վերագրաւած է Շքիֆի ամրոցը, որ ռազմավարական ու աշխարհաքաղաքական կարեւոր դիրք ունի եւ 1982-ի իսրայէլեան ներխուժումէն ի վեր տարբեր մեծ բախումներու ընթացքին կարեւոր դիրք եղած է:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը զինուորական աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի ջանքերը կը կեդրոնանան Շքիֆի ամրոցի եւ Սլուքի գետի մերձակայքը վերահսկողութիւնը ամրապնդելուն վրայ:

«Այս դիրքին գրաւումը տեղի ունեցաւ բախումներէ եւ ցամաքէն ու օդէն բուռն յարձակումներէ ետք», աւելցուցին աղբիւրները:

Իսրայէլեան բանակը Տըպպին գիւղին մէջ տուներ պայթեցուց:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու պատճառով զինուոր մը սպաննուած է եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` ահազանգ լսելու պարագային ապաստանարաններ մուտք գործելու:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ եւս շարունակեց բուռն յարձակումներ գործել Նապաթիէ նահանգին եւ Մարժաայուն գաւառին վրայ:

Իսրայէլեան բանակը երէկ դարձեալ հարաւային Լիբանանի բնակչութիւնը զգուշացուց, որ պէտք է Զահրանի գետէն հիւսիս տեղափոխուի:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուի ընդլայնելու Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւնը»:

«Բանակին ցուցմունքս այժմ խորացնելն է մեր գործողութիւնը եւ ամրապնդել մեր վերահսկողութիւնը այն շրջաններուն վրայ, որոնք Հըզպալլայի վերահսկողութեան տակ էին», յայտնեց Նեթանիահու:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին համաձայն, Նեթանիահու եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց քննարկումներու շարք մը կատարելէ ետք հակուած են յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի տարբեր շրջաններու վրայ լայնածաւալ յարձակումներու շղթայազերծման հաւանութիւն տալու, ներառեալ հարիւր հազարաւոր քաղաքայիններու իրենց բնակած վայրերը լքելու զգուշացում յղելու, եւ այս բոլորը` ամերիկեան կողմին հետ համակարգուած կերպով:

Քաց. «Ասիկա Մեր Թշնամիներուն Պատգամ Է, Թէ Իրենց Ռազմավարական Դիրքերը Պիտի Կորսնցնեն»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց, մեկնաբանելով Շքիֆի ամրոցին գրաւման լուրը, յայտնեց. «Ասիկա մեր թշնամիներուն յստակ պատգամ է, թէ իրենց ռազմավարական դիրքերը մէկը միւսին ետեւէն պիտի կորսնցնեն»:

«Հարաւային Լիբանանի մէջ ճակատամարտը Շքիֆի ամրոցին գրաւումով պիտի չաւարտի: Հըզպալլայի ուժերը քանդելուն վրայ կը պնդենք», շեշտեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:

«Իսրայէլ վճռած է զգետնել Հըզպալլայի ուժը եւ առաքելութիւնը ամբողջացնել», նշեց Քաց:

Ան աւելցուց, որ ամրոցը գրաւուած է իր եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ցուցմունքով, «եւ անիկա Գալիլիոյ գիւղերը պաշտպանելու կարեւորագոյն ռազավարական կէտերէն մէկն է»:

Սմոթրիչ. «Շքիֆի Ամրոց Վերադառնալը Հին Սխալի Սրբագրում Է»

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտարարեց. «Հիւսիսի բնակիչներուն երկարատեւ ապահովութիւն խոստացանք եւ վճռական կերպով աշխատանք կը տանինք զայն իրագործելու»:

«Շքիֆի ամրոց վերադառնալը հին սխալներու սրբագրում է», նշեց նախարարը:

«Պատերազմին գինը սուղ է, սակայն Իսրայէլի անվտանգութեան եւ ապագային համար անհրաժեշտ է», աւելցուց Սմոթրիչ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2026, 08:49