Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ հանդիպում 

Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ հանդիպում` Պիքֆայայի սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը քննարկեցին Վեհափառին Վատիկան կատարած այցելութիւնը, եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաեւ Մալապարի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ առնչուած հարցերուն։

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ երկար հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Տաճատ եպս. Աշըգեան, Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան. իսկ պատրիարքին կողքին` Պուլոս արք. Սաֆար, Տանիէլ արք. Քուրիէ եւ Ժոզեֆ եպս. Պալի:

Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւող հարցեր:

Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Մալապարի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/06/2026, 09:00