2026.06.02 Incontro dei Capi Religiosi in Libano

Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում

Հոգեւոր պետերու խօսքերէն ետք, քննարկուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին կողմէ նախապէս պատրաստուած յայտարարութիւնը: Յայտնենք, որ յիշեալ յանձնախումբին մէջ հայ համայնքին կողմէ կը մասնակցի դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի տիւրզիներու համայնքապետարանին մէջ, Երեքշաբթի, 2 Յունիս 2026-ին, Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կայացաւ: Այլ հոգեւոր պետերու կարգին, յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը եւ Շահէ Արք. Փանոսեանը:

Հոգեւոր պետերու խօսքերէն ետք, քննարկուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին կողմէ նախապէս պատրաստուած յայտարարութիւնը: Յայտնենք, որ յիշեալ յանձնախումբին մէջ հայ համայնքին կողմէ կը մասնակցի դոկտ. Ժան Սալմանեան:

Քննարկումներու ընթացքին իւրաքանչիւր հոգեւոր պետ իր տեսակէտը պարզեց եւ ապա միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ յայտարարութիւնը: Անոր մէջ դատապարտուեցաւ Իսրայէլի յարձակումները, զօրակցութիւն յայտնուեցաւ գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն՝ Լիբանանի կառավարութեան, եւ շեշտուեցաւ տագնապալից այս օրերուն երկրին ներքին միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտ հրամայականը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2026, 09:20