FILE PHOTO: Heatwave hits France

Ֆրանսայի մէջ տաքի ալիքին հետեւանքով 68 հազար տուն առանց ելեկտրականութեան մնացած է

Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Պրեթայնի մէջ տաքի աննախադէպ ալիքին պատճառով 68 հազար տուն մնացած է առանց ելեկտրականութեան, իսկ երկրի տարածքին յայտարարուած է վտանգի բարձրագոյն մակարդակ։ Անբնական տաքը պատճառ դարձած է շուրջ 10 հազար ուսումնական հաստատութիւններու փակման, երկաթուղային փոխադրութեան սահմանափակման եւ առնուազն 5 մահուան ու 40 խեղդուելու դէպքերու։

Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող Պրեթայնի մէջ տաքի ալիքին պատճառով 68 հազար տուն մնացած է առանց ելեկտրականութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Ֆինիսթեր շրջանի իշխանութիւնները:

Ֆրանսայի մէջ տաքի պատճառով կարմիր վտանգի մակարդակ կը գործէ 58 շրջաններու մէջ, իսկ նարնջագոյն (նախավերջին)` 31 շրջաններու մէջ:

Անբնական տաքի հետեւանքով դադրեցուած է շուրջ 10 հազար ուսումնական հաստատութիւններու աշխատանքը կամ փոխուած է անոնց ժամանակացոյցը, սահմանափակուած է երկաթուղային փոխադրութեան երթեւեկը:

Առնուազն 5 մահ արձանագրուած է, եւ 40 անձեր խեղդուած են ջրամբարներու մէջ, ինչ որ նոյնպէս կը կապուի տաքի ալիքի հետեւանքներուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/06/2026, 07:40