Աննախադէպ տաքերէն Ֆրանսայի մէջ զոհերու թիւը հասած է 18-ի
Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներու մէջ ջերմաստիճանը անցած է 41 աստիճանը՝ արձանագրելով պատմական նոր բարձր ցուցանիշեր։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Reuters»-ը, օդերեւութաբանները նշած են, որ այս երեւոյթը պայմանաւորուած է Սահարայէն եկող տաք օդային զանգուածներով եւ կլիմայական փոփոխութիւններով։
Իրավիճակը լարուած է նաեւ Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ, ուր ջերմաստիճանը կը մօտենայ պատմական առաւելագոյն մակարդակներուն։
Իտալիոյ 12 քաղաքներու մէջ յայտարարուած է ահազանգի կարմիր աստիճան, իսկ ուժանիւթի համակարգերը գերծանրաբեռնուածութեան պատճառով հոսանքազրկումներ կ՚արձանագրեն։
«Reuters Climate Monitor»-ի տուեալներով՝ Եւրոպան ներկայիս մոլորակի այն տարածաշրջանն է, որ ամենէնշատը շեղած է իր պատմական կլիմայական բնականոն ցուցանիշերէն։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.