Որոնել

Ֆիլփինի կղզեխումբ. 7,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ Ֆիլփինի կղզեխումբ. 7,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ 

Ֆիլիփինի կղզեխումբ. Մինտանաոյի հզօր երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 15-ի, արձանագրուած է 129 վիրաւոր

Ֆիլիփինի հարաւային Մինտանաօ կղզիին մէջ տեղի ունեցած 7.8 ուժգնութեամբ աւերիչ երկրաշարժի պատճառով արձանագրուած է առնուազն 15 զոհ, 129 վիրաւոր եւ նիւթական ծանր վնասներ, յատկապէս՝ տեղի կաթողիկէ համալսարանին մէջ: Աղէտը, որ զուգադիպած է դպրոցական վերամուտի առաջին օրուան, յառաջացուցած է նաեւ ցունամիի վտանգ, ինչ որ ստիպած է իշխանութիւններուն անմիջապէս տարհանել ափամերձ շրջաններու բնակչութիւնը եւ կասեցնել դասաւանդութիւնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աւելի քան 15 զոհ եւ 129 վիրաւոր. այսպիսին է Ֆիլիփինի կղզեխումբի հարաւային Մինտանաօ կղզիին մէջ տեղի ունեցած 7 ուժգնութեամբ աւերիչ երկրաշարժին նախնական հաշուեկշիռը:

Երկուշաբթի, 8 յունիսի կանուխ ժամերուն արձանագրուած ցնցումէն ետք, տեղական իշխանութիւնները կը հաղորդեն նաեւ նիւթական մեծ վնասներու մասին, որոնցմէ ամենածանրը կրած են Սոքսարգէն շրջանն ու Արեւմտեան Տավաօ նահանգը։

Ցունամիի տագնապ եւ տարհանում

 Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր ծովուն մէջ՝ հարաւային ափերուն մօտ, որուն պատճառով Մինտանաոյի որոշ ափամերձ գօտիներու մէջ գրանցուած են մինչեւ մէկ մեթր բարձրութեամբ ցունամիի ալիքներ։ Ստեղծուած աղէտալի կացութեան լոյսին տակ, երկրի նախագահ Ֆերտինանտ Մարքոս Կրտսերը հրամայած է անմիջապէս տարհանել առաւել վտանգուած գօտիներու բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ կասեցնել դպրոցական դասաւանդութիւնները համապատասխան նահանգներուն մէջ։Ցունամիի տագնապի ազդանշաններ տրուած էին նաեւ դրացի Ինտոնեզիոյ, Մալեզիոյ եւ Ճափոնի մէջ։

Փլատակներ եւ ընդհատուած վերամուտ

Ցնցումի հետեւանքով բազմաթիւ շէնքեր փուլ եկած են, քանդուած են հիմնական ենթակառոյցներ եւ անջատուած է ելեկտրականութիւնը։ Յատկանշական է, որ աղէտը զուգադիպած է հանրային դպրոցներու ամառնային արձակուրդէն ետք վերամուտի առաջին օրուան։ Շատ մը վայրերու մէջ երկրաշարժը ընդհատած է դրօշակի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութիւնները, իսկ խուճապահար փախուստի ընթացքին աւելի քան հարիւր աշակերտներ ստացած են տարբեր աստիճանի վնասուածքներ կամ վատառողջացած։

Վնասուած է կաթողիկէ համալսարանը

Աւերածութիւններէն տուժած է նաեւ Մինտանաոյի գլխաւոր կրթական օճախներէն մէկը՝ կաթողիկէ «Notre Dame of Dadiangas» համալսարանը։ Համալսարանի նախագահ Մանուէլ տէ Լէոնը հաստատած է, որ կրթական համալիրի շէնքերէն մէկը ամբողջութեամբ փլուզուած է, բայց բարեբախտաբար այդ պահուն ներսը մարդ չէ եղած։ Ըստ շրջանառուող լուսանկարներու՝ փլուզումը հարուածած է համալսարանի տարրական եւ միջնակարգ դպրոցներու բաժանմունքը։

Փրկարարական աշխատանքները աղէտի գօտիին մէջ կը շարունակուին թափով, մինչ տեղական ուժերը կը փորձեն ստուգել փլատակներուն տակ հնարաւոր մնացած կորսուածներուն վիճակը։ Գլխաւոր հարուածէն ետք գրանցուած են նաեւ բազմաթիւ յետցնցումներ, որոնցմէ մի քանին՝ բաւական ուժգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/06/2026, 11:33