Որոնել

Ռազմածովային գործողութիւն Ռազմածովային գործողութիւն  (SP)

Չինաստան Թայուանի մօտ ռազմածովային գործողութեան սկսած է

Չինաստանը ծովային յատուկ գործողութիւն սկսած է Թայուանի արեւելեան ափերուն մօտ՝ Ճափոնի եւ Ֆիլիփինի միջեւ ընթացող սահմանագծման բանակցութիւնները որակելով իր գերիշխանութեան կոպիտ խախտում։ Ի պատասխան, Թայուանը մերժած է Փեքինի որեւէ իրաւասութիւն այդ ջուրերուն մէջ եւ հինգ նաւեր ուղարկած՝ միջազգային օրէնքը ոտնահարող չինական ուժերու շարժումներուն հետեւելու եւ անոնց պատշաճ կերպով հակադարձելու համար։

Չինաստանը Թայուանի արեւելեան ափերուն մօտ սկսած է ծովային յատուկ գործողութեան` Ճափոնի եւ Ֆիլիփինի միջեւ այս շրջանին մէջ ծովային սահմաններու սահմանագծման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները որակելով իր գերիշխանութեան կոպիտ խախտում:

Փեքին յայտարարած է, թէ գործողութեան նպատակն է սեփական իրաւասութեան հաստատումն ու ազգային շահերու պաշտպանութիւնը:

Ի պատասխան, Թայուան հերքած է այդ ջուրերուն մէջ Չինաստանի որեւէ գերիշխան իրաւունք եւ հինգ նաւեր ուղարկած` չինական ուժերու գործողութիւններուն հետեւելու:

Թայուանի առափնեայ պաշտպանութեան ուժերը հաղորդեցին, որ նաւեր ուղարկած են կղզիի արեւելեան կողմին մէջ «միջազգային օրէնքը ոտնահարող» չինական գործողութեան «պատշաճ կերպով հակադարձելու համար»:

Անոնք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, թէ «ամբողջ գործողութեան» ընթացքին հետեւած են չինական նաւերու շարժումներուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/06/2026, 08:40