Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանի մէջ 2025-2026 շրջանաւարտից հանդէս
Իսթանպուլի Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ 23 Յունիս 2026, Երեքշաբթի իրիկուն երկդարեայ կրթօճախին պարտէզին մէջ: Հանդէսը իր ներկայութեամբ պատուեց Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան: Իսկ որպէս տանտէր ներկայ էին Իսթանպուլի Մխիթարեան Ուխտէն Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Դոկտոր Սարգիս Սիրոբ, ատենապետ Ռաֆայէլ Ժոզէֆ Ալիքի գլխաւորութեամբ Մատակարար Մարմնի անդամներ, Մխիթարեան Սանուց Միութեան նախկին ատենապետ Արսէն Գովանի եւ ներկայ ատենապետուհի Ժանին Ըրմաքի գլխաւորութեամբ Սանուց Միութենէ ներկայացուցիչներ, վարժարանին տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը և Ծնողաց Միութիւնը: Իսկ շրջանաւարտ աշակերտներու հարազատները փութացած էին ականատես դառնալու իրենց սիրասուն զաւակներուն այս նշանակալի օրին:
Երեկոյթին խօսնակներն էին աւարտական դասարանէն շնորհալի մանկամարդուհի մը՝ Հայասա Յարզուարթեան և շնորհալի երիտասարդ մը՝ Արտա Արըք: Անոնք նախ բեմ հրաւիրեցին Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանը, որպէսզի կատարէ երեկոյթին բացումը: Հայր Յակովբոս իր խօսակցութեան սկսաւ նշելով թէ վերջերս ընթերցած էր լիկէոնի բաժնի հրատարակութիւն «Նոր մեղու»ի մէջ աշակերտներուն գրութիւնները, ուր անոնք կ՚արտայայտէին իրենց զգացումները իրենց վարժարանին նկատմամբ: Հեղինակներէն անխտիր ամէն մէկը կ՚արտայայտէր Մխիթարեանցի ըլլալու իր գոհունակութիւնը: Վարդապետն ալ նոյնպէս ներկաներուն հետ բաժնեց իրենց վարժարանին սերտօրէն փարած այսպիսի հաւատարիմ աշակերտներ ունենալու առթած ուրախութիւնը: «Այս իրիկուն նախ քան հանդիսութեան գալը վարժարանի կից Մխիթարեան Ուխտի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ աւագ խորանին առջեւ ձեզի համար աղօթեցի» ըսաւ վարդապետը և սրտանց մաղթեց որ Տիրոջ օրհնութիւնները անպակաս ըլլան անոնց վրայէն և կեանքը միշտ ժպտի իրենց:
Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանէ ետք խօսք առաւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Դոկտ. Սարգիս Սիրոբ, որ նոյնպէս հանդէս եկաւ շրջանաւարտ տղոց ուղղեալ շնորհաւորական խօսքով մը, բոլորին մաղթելով յաջողութիւն իրենց կեանքի տեւողութեան: Խօսքն ուղղելով մասնաւորաբար Ը. դասարանի ուսանողներուն՝ Դոկտ. Սիրոբ անոնց պատգամեց ամառուայ արձակուրդի շրջանին իրենց սովորութիւն դարձնել ամէն օր առնուազն երկու ժամ դասերու վերաքաղն ընել կամ գիրք կարդալ:
Ապա բեմ բարձրացաւ լիկէոնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, որ արտայայտեց իր վստահութիւնը այն մասին թէ շրջանաւարտ սաները ամենալաւ կերպով պիտի արժեւորէք Մխիթարեան յարկէն իրենց փոխանցուած գիտելիքները և այս ձեռքբերումներուն հիման վրայ պիտի յաջողին կառուցանել իրենց սեփական ուղին: Նաեւ արհեստագիտական նուաճումներու այս արագընթաց վազքին մէջ անկասկած անոնք ալ պիտի ունենան իրենց նուաճումները, յաղթահարելով ամենաբարձր կատարները, բայց և այնպէս տնօրէնուհին երիտասարդներուն համեստօրէն յանձնարարեց որ կեանքի մէջ ամէն բանէ վեր դասեն գութը, խղճմտանքը, սէրը, ծառայասիրութիւնն ու իրերօգնութիւնը, կարճ խօսքով այն բոլոր մարդկային արժէքները, որոնք մարդս մարդ կը դարձնեն: Ահաւասիկ այն ատեն անոնք պիտի հանդիսանան արժանաւոր սաները Մխիթար Աբբահօր, պիտի դառնան ազնիւ ու գթասիրտ ներկայացուցիչները իրենց ազգին, պատիւ բերելով նաեւ իրենց վարժարանին:
Յանուն Մխիթարեան Սանուց Միութեան՝ շրջանաւարտ աշակերտներուն խօսք ուղղեց վարչութեան ատենապետուհի Ժանին Ըրմաք: Սրտանց շնորհաւորելով բոլոր ընթացաւարտները՝ ժանին Ըրմաք անոնց յիշեցուց թէ Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը իրենց երկրորդ տունն է եւ զանոնք հրաւիրեց մէկտեղուիլ միութեան յարկին ներքեւ, նաեւ իրենց փայլուն գաղափարներով, նոր ծրագիրներով Մխիթարեանի կնիքը դնել ամէն մէկ գործի վրայ և միասնաբար թափ տալ մեր մշակութային կեանքին: Ժանին Ըրմաք լիկէոնի ամէն մէկ ընթացաւարտ աշակերտի յանձնեց նաեւ վարժարանին զինանշանով գրիչներ:
Տղոց ուղղեալ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ միջնակարգի տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը, որ նոյնպէս տղոց յղեց իր բարեմաղթութիւնները և ան ալ իր կարգին Ը. դասարանի տղոց ըրաւ իր թելադրութիւնները: «Դուք այս ուսման կրթօճախէն ներս ձեր անձին մէջ միացուցիք Մխիթարեանի աւանդութիւնն ու քաղաքավարութիւնը գիտական և ընկերային կարողութիւններու հետ: Անխտիր բոլորդ ալ շատ արժէքաւոր անձեր էք և այլեւս պատրաստ էք շարունակելու ձեր լիկէոնի ուսման ընթացքը և ես վստահ եմ թէ պիտի դառնաք ինքնաբաւ, ինքնավստահ և շատ երջանիկ անձեր: Մենք հպարտ ենք ձեզմով: Այսուհետեւ սէրն ու գուրգուրանքը, յարգանքն ու փափկանկատութիւնը, պարկեշտութիւնն ու բարեացակամութիւնը միշտ առաջնորդ ըլլան ձեր քայլերուն» ըսաւ տնօրէնուհին:
Պատուոյ հիւրերու, վարժարանի պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու ձեռամբ աշակերտներուն յանձնուեցան վարժարանի խորհրդանշական վկայականները: Յատուկ նուէրներով վարձատրուեցան նաեւ յաջողագոյն աշակերտները: 2025-2026 ուսման տարեշրջանին լիկէոնէն վարժարանին առաջինը հանդիսացած էր Միրա Պարսամօղլու, որ թուաբանութեան եւ գիտութեան դասերու մէջ իր ցուցաբերած յաջողութեամբ արժանացաւ նաեւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամին: Իսկ Արտա Եուրթէրի և Լարա Օքթայ յաջորդաբար հանդիսացան լիկէոնի երկրորդ և երրորդը: Միջնակարգի բաժնի առաջինը հանդիսացած էր Լետա Սարի, որուն նոյնպէս յանձնուեցաւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամը: Միջնակարգի բաժնի երկրորդը հանդիսացաւ Քէյլա Քարա, իսկ երրորդ տեղը գրաւեց Առատ Բագէրթիք: Վարժարանին Մատակարար Մարմինը փափաքած էր նաեւ կեանքի կոչել ԺԹ. դարէն հասած աւանդ մը: Այս մէկն էր Մխիթարեանի յաջողութեան մետալի յանձնումը: Կրկին լիկէոնէն Միրա Պարսամօղլուն էր, որ արժանացաւ այս պատուաբեր պարգեւին:
Մատակարար Մարմնին տեղին որոշումով պարգեւատրուեցան նաեւ աւարտական դասարաններէն հայերէնի եւ կրօնագիտութեան դասերու մէջ յառաջադէմ աշակերտները: ԺԲ. դասարանէն Միրա Պարսամօղլու, Կարէն Պետիկօղլու եւ Վանեսսա Քուրուչայ, իսկ Ը. դաասրանէն՝ Լիանա Գարաճաօղլու, Լետա Սարի եւ Քէյլա Քարա: Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Դոկտ. Սարգիս Սիրոբի ձեռամբ պարգեւատրեալները ստացան իրենց նուէրները:
Չափազանց զգացական էր նաեւ այն պահը, երբ լիկէոնի աւարտական դասարանի աշակերտները Մխիթարեանի երկու հարիւրամեակի քայլերգին հնչիւններուն ներքեւ իրենց գդակները արձակեցին օդին մէջ, արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու:
Յանուն աւարտական դասարանի աշակերտութեան՝ Միրա Պարսամօղլու հայերէնով, իսկ Արտա Եուրթէրի թրքերէնով արտայայտեցին իրենց զգացումները: Անոնք ընդգծեցին թէ այդ պահուն դասարանով ներկաներուն դէմը կանգնած են որպէս երիտասարդ Մխիթարեանցիներ, որոնք յուսալիր աչքերով կը նային դէպի ապագայ, որոնք իրենց կեանքի տեսլականը դարձուցած են բարի երազանքներու իրականացումը, ինչպէս որ հաստատած է Մխիթար Աբբահայր: Անոնք չմոռցան նաեւ սրտանց շնորհակալութիւն յայտնել վարժարանին զոյգ վարդապետներուն, վարչայիններուն և տնօրէնուհիին գլխաւորութեամբ բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք միշտ խրախուսած էին զիրենք, որպէսզի իրենց վերելքը ըլլայ հեշտ և դիւրատար:
Երեկոյթին հուսկ բանքը կատարեց Իսթանպուլի և Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ աւարտական դասարաններու աշակերտներուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները և իրենց ապագայ կեանքի առընչութեամբ հետագայ պատգամները. «Այն ինչ որ ձեր ապագային մէջ իսկական տարբերութիւն պիտի դնէ, ձեր մարդկայնութիւնն է: Այն ինչ որ իսկական ոյժ պիտի ներկայացնէ, ձեր ազնուութիւնն է, ձեր զգացողութիւնն է, ձեր դիմացինը լսելու կարողութիւնն է, ձեր սեփական խղճով ու մտքով մտածելու քաջութիւնն է: Թէ ի՞նչպէս պիտի դիտէք աշխարհը, դուք պիտի որոշէք: Թէ ի՞նչպէս պիտի արժեւորէք ձեր շուրջինները, դուք պիտի ընտրէք: Թէ ի՞նչպէս դուրս պիտի գաք առօրեայի մեքենայական ապրելակերպէն, դուք պիտի ծրագրէք: Ազատութիւնը ապագայի համար կը պահանջէ ուշադրութիւն, ազատութիւնը կը պահանջէ գիտակցութիւն, կարգապահութիւն, նուիրում: Գիտցէ՛ք որ իսկական ազատութիւնը և կրթութեան վերջնական նպատակը այդ գիտակից ուշադրութիւնն է, ուշիմութիւնն է և գործին նուիրումն է: Իսկական մեծութիւնը, սիրելի՛ աշակերտներ, ծառայութեան մէջ է: Իսկ ծառայութիւնը ուրիշներու հրամայել չէ, այլ անոնց ներշնչումի աղբիւր դառնալ է ձեր իսկ ազնիւ օրինակով: Այս մէկը կը նշանակէ հաստատուն մնալ սեփական արժէքներուն վրայ: Սիրելի՛ աշակերտներ, քալեցէ՛ք դէպի ապագայ ձեր գլուխը բարձր: Եղէ՛ք հետաքրքրասէր, եղէ՛ք արդարամիտ և ամէն բանէ առաջ հաւատարիմ մնացէ՛ք դուք ձեզի և ձեր դպրոցին, ձեր երկրին, ձեր ազգին և մանաւանդ Մեծն Աբբա Մխիթարի կեանքի նուիրումին»:
Երեկոյթի տեւողութեան զատ զատ տեղի ունեցան նաեւ պաստառի ցուցադրութիւններ, որոնց ընթացքին տողանցեցին լիկէոնի և միջնակարգի աւարտական դասարաններու ուսումնական շրջանէն խօսուն դրուագներ: Նաեւ բոլոր ներկաները պատուասիրուեցան ընթրիքով: Իսկ երեկոյթին ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին շրջանաւարտութեան ծաղերու հատման փուլին: Ընթացաւարտները նկարուեցան և զուարճացան Արման Ծատուրի հաճելի երաժշտութեան ներքեւ:
Այսպէս՝ 23 Յունիս 2026, Երեքշաբթի իրիկուն Իսթանպուլի Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանը տուաւ իր խոստմնալից շրջանաւարտները՝ բոլորն ալ իրարմէ արժէքաւոր, իրարմէ անուշիկ երիտասարդներ: Իր ծննդեան 350ամեակին վստահ ենք թէ Մխիթար Աբբահօր ոգին ալ կը հրճուի ի տես իր գաղափարականին հաւատարիմ այսքա՜ն պատուաբեր, այսքա՜ն խոստմնալից հունձքի մը շրջանաւարտութեամբ:
Վերա Չ.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.